Հոգեւոր Մշակոյթ -Բանահիւսութիւն, Ժողովրդական Երգ ու Պար…

Այլեւայլ, Հայաստան

Նախնադարէն սկսեալ բանահիւսութիւնը կազմած է մարդու կենցաղի անբաժան մասը: Որքան հին էր հասարակութիւնը՝ այնքան պարզ էին բանահիւսութեան տեսակները: Հակառակ անոր, որ անոնք անընդհատ յղկուած են, ենթարկուած են իմաստային փոփոխութիւններու, սակայն չեն դադրած իրենց մէջ պահպանելէ  հաւատալիքներու եւ սովորութիւններու հետքերը: Ժողովրդական բանահիւսութիւնը ունի բազմաթիւ ժանրեր՝ հեքիաթ, անէծք, աղօթք, առասպել, երգ, հանելուկ եւ այլն:

Հայ բանասիրութիւնը կը բաժնուի երկու մասի՝

-Քնարական ստեղծագործոըթիւններ՝ աշխատանքի, օրօրոցային, հարսանեկան, սիրոյ, պանդխտութեան երգեր,

-Վիպական ստեղծագործութիւններ՝ առակներ,էպոս, զրոյց եւ այլն:

Ժողովրդական երգն ու պարը կը համարուին բանահիւսութեան անբաժանելի մասը: Անոնք ծագած են վաղնջական ժամանակներուն եւ կապուած են նախնիներու մեծարման եւ տոհմական պաշտանմունքներու հետ:

Պարը արուեստի ամենաառաջին տեսակներէն է, որ գոյութիւն ունեցած է դեռ նախնադարուն: Անիկա ունէր ծիսական բնոյթ եւ թեմայ: Յայտնի են՝ էպիկական, աշխատանքային, հարսանեկան, կենցաղային, կատակ, լիրիկական եւ սուգի  պարերը:

Պարերը կ՝ըլլան կենտ կամ զոյգ: Զոյգ պարերը կը կազմեն շրջանաձեւ շղթայ, որ կը կոչուի շուրջպար: Հայկական շուրջպարը կը շարժի ձախէն աջ, որ կապուած է բռնած գործի յաջողութեան եւ կեանքի յստակութեան հետ: Ի տարբերութիւն շուրջպարին՝ սուգի պարերը կը պարեն աջէն ձախ, որ ունի հետեւեալ նպատակը՝ հանգուցեալի ճանապարհում հանդերձեալ կեանք: Ռազմական պարը կը կատարեն տղամարդիկ՝ երբեմն դէմ դիմաց կանգած զոյգերով, երբեմն սուրերով եւ վահաններով, այդպիսի պարերէն է՝ ծափ պարը:

Միջնադարեան պարերէն յայտնի են՝ գովնդը, ծամ թելը, լորկէն, շիրխանին, քոչարին  եւ այլն: Պարային շարժումը ունի իր յատուկ լեզուն եւ նշանակութիւնը:

Քոչարի: Բառը ծագած է քոչ-ղոչ-խոյ բառերէն: Պարին իմաստը թշնամին խոյահարելն  է: Անիկա ռազմական պար է, երկու երթալ երկու ետ գալ, ցատկով, ծունկի եկած պար: Պարը ունի ղեկավար, որուն ժողովուրդը կ՝անուանէ քէոմբաշի: Մարտական քոչարին ունի քանի մը տեսակ՝ Սասնայ,Մշոյ, Վասպուրականի, որոնց մասին տեղեկութիւններ կան հնագոյն շրջաններէն: Պարը կ՝ուղեկցուի զուռնայ դհոլի նուագակցութեամբ:

Պատահական չէ, որ Պեռլինի գրաւման ժամանակ հայ զինուորները Ռէյխստագի դիմաց  այս պարը պարեցին՝ ի նշան յաղթութեան:

Ազգային պարերէն են նաեւ՝ եարխուշտան, իշխանաց պարը եւ այլն:

 

Երգ- Ժաղովրդական երգը մարդուն ուղեկցած է տխուր եւ ուրախ պահերուն: Բուն հայկական ժողովրդական երաժշտութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցուած է  բանաւոր հաղորդումով: Յաճախ ալ քամանչայի կամ թառի նուագակցութեամբ կ՝երգէին հրապարակներու վրայ եւ մարդաշատ վայրերու մէջ: Բնագիրներու կանոնաւոր հաւաքումը սկզբնաւորուած է 19-րդ դարու 2-րդ կիսուն՝ Ղեւոնդ Ալիշեան, Ռաֆայէլ Պատկանեան, Գարեգին Սրուանձտեանց, Կոմիտաս, Մանուկ Աբեղեան:

Ժողովրդական երգերը առանձնացուած են ըստ իրենց տեսակներու՝ գեղջկական երգ, գուսանաշուղական, քաղաքական, տաղ, հոգեւոր երգ եւ այլն: Կատարման ձեւեր՝ մեներգ, զուգերգ, խմբերգ: Անոնք կատարուած են գուսաններու եւ աշուղներու կողմէ, որոնք յօրինած են երգի երաժշտութիւնը եւ բառերը: Աշուղական յայտնի երգերէն են՝ «Ձախորդ օրերը», «Որպէս մի ծաղիկ», «Աղպեր կ’աղաչեմ» եւ այլն:

Հայ ժողովրդական երգերու հաւաքագրման եւ անհետացումէն փրկման գործին մէջ մեծ դեր ունեցած է Կոմիտասը, անոնցմէ են՝ «Հորովել», «Սոնա եար», «Մաճկալ»: Ան հայ գեղջկական երաժշտութիւնը ներկայացուցած է իր բազմատեսակութեամբ եւ գաղափարագեղարուեստական ողջ խորութեամբ:

Յետագային այդ գործի մեծ երախտաւորներէն դարձած են Հայրիկ եւ Մարօ Մուրատեաները: Ներկայիս ալ անոնց աշխատանքը փայլուն կերպով կը շարունակեն իրենց իսկ կողմէ ստեղցուած «Ակունք ազգագրական խումբ»-ի անդամները: Խումբը մեծ դեր ունի հայապահպաման, ազգային-ժողովրդական երգ ու պարի  պահպանման եւ տարածման  գործին մէջ  թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ:

Հայկուհի Մուրատեան

ԵՌԱԳՈՅՆ-ի համար

 

Leave a Reply