ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանի Միջմասնաճիւղային Մարզախաղեր

Սփիւռք

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան կազմակերպութեամբ 29 եւ 30 Յունիս 2018-ին, Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցան միջմասնաճիւղային մարզախաղեր, որոնք ընդգրկեցին ֆութպոլի, պասքեթի, լողի, ճատրակի եւ փինկ-փոնկի մարզախաղերը: Ըստ կարելիութեան մրցաշարքին մասնակցեցան Հալէպի եւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղերու 14-16 տարեկան ՀՄԸՄ-ական մարզիկներ:

Ուրբաթ, 29 Յունիսի առաւօտեան, ՀՄԸՄ-ական մարզիկները ուղղուեցան Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր իրենց աշխատանքները սկիզբ առին աղօթքով: Այնուհետեւ համախմբուեցան Լաթաքիոյ ակումբին սրահը, ուր տեղի ունեցաւ մրցաշարքի պաշտօնական բացումը միութեան «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով: ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութենէն ձեռնարկին ներկայ էին տոքթ. Մինաս Պալեան եւ  Յովիկ Սիւլահեան: Բարի գալուստի խօսք արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Յարութ Գաբրիէլեան՝ ողջունելով ՀՄԸՄ-ականներու աշխոյժ ներկայութիւնը: ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան խօսքը արտասանեց Յովիկ Սիւլահեան, յայտնելով որ սուրիական պատերազմի անցնող տարիներու տագնապալի իրավիճակը երբեք պատճառ չդարձաւ ՀՄԸՄ-ի մարզական կեանքի նահանջին, ընդհակառակը՝ ՀՄԸՄ-ական մարզիկները առաւել կառչած մնացին իրենց Միութեան մարզական փորձերուն, հզօր դիմագիծով ներկայացան եւ այսօրուան մրցաշարքը ամենամեծ փաստն է այդ մէկուն:

Սիւլահեան շնորհաւորեց Միութեան 100-ամեակը եւ մաղթեց, որ 100-ամեակի ներկայ սերունդը, որ պատիւը ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի դրօշը ստանձնելու, առաւել խրոխտ շարքերով միութեան ջահը փոխանցէ գալիք սերունդներուն:

Առաջին օրը տեղի ունեցան հետեւեալ մրցումները.

– Ֆութպոլի մրցում Հալէպ-Լաթաքիա, որ վերջ գտաւ 5-4 արդիւնքով՝ ի նպաստ Հալէպի:

– Պասքեթպոլի աղջկանց մրցում Հալէպ-Լաթաքիա, վերջ գտաւ 38-15 արդիւնքով՝ ի նպաստ Հալէպի:

– Պասքեթպոլի տղոց մրցում Լաթաքիա-Հալէպ, վերջ գտաւ 65-72 արդիւնքով՝ ի նպաստ Հալէպի:

Երկրորդ օրուան մրցումները կրեցին հետեւեալ պատկերը.

– Փինկ-փոնկի մրցում, որուն առաջինը հանդիսացան Լաթաքիոյ մասնաճիւղի մարզիկները, իսկ երկրորդ՝ Հալէպի մասնաճիւղի մարզիկները:

– Ճատրակի մրցում, որուն առաջին դիրքը գրաւեցին Հալէպի մասնաճիւղի մասնակիցները, իսկ երկրորդ՝ Լաթաքիոյ մասնաճիւղի մասնակիցները:

– Լողի մրցում, որ տեղի ունեցաւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղի լողորդներուն միջեւ:

 

Շաբաթ, 30 Յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լաթաքիոյ ակումբի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ մարզախաղերու փակման հանդիսութիւնն ու մետալներու տուչութիւնը: Հանդիսութիւնը բացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով: Հանդիսավարն էր պասքեթի մարզիչ Մակի Տօնապետեան-Աբրահամեան, որ հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Յովիկ Սիւլահեան արտասանելու Շրջ. վարչութեան խօսքը: Ան գնահատեց մասնակից քոյրերուն ու եղբայրներուն ՀՄԸՄ-ականի վայել մարզական բարձր ոգին եւ եղբայրական ջերմ վերաբերմունքը, շնորհաւորեց մետալակիր մասնակիցները եւ մարզական կեանքէն ներս յարատեւ վերելք մաղթեց անոնց: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Լաթաքիոյ հիւրընկալ մասնաճիւղին եւ սոյն ձեռնարկին իրենց ներդրումը բերող ՀՄԸՄ-ական մարզիչներուն:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ բաժակներու եւ մետալներու տուչութիւն:

Օրուան եզրափակիչ պատգամը տուաւ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան, որ մեծապէս ողջունեց միջմասնաճիւղային մարզախաղերու իրագործումը եւ յարատեւ յաջողութիւն եւ համագործակցութիւն մաղթեց ՀՄԸՄ-ական նորահաս սերունդներուն: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

Աւարտին տեղի ունեցաւ Միութեան 100-ամեակին նուիրուած կարկանդակի հատումը:

Մարզական ընկերային ոգիով ՀՄԸՄ-ական քոյրերն ու եղբայրները աշխոյժ մրցակցութեամբ ամբողջացուցին երկօրեայ մարզախաղերը՝ նոր փորձառութիւններ ձեռքբերելով:

 

                                                                            ՀՄԸՄ-ի Ս. Շրջ. Վարչութեան

                                                                                    Մամուլի Յանձնախումբ

Leave a Reply