Չաւուշօղլուն Պրիւքսէլի Մէջ Նիկոլ Փաշինեանը Շնորհաւորած է Վարչապետ Ընտրուելուն Առիթով

Աշխարհ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Պրիւքսէլի օդակայանին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցին ընթացքին, որ հեռարձակուած է Azatutyun.am-ի ուղիղ եթերով, պատմած է Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ունեցած կարճ զրոյցին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը:

«Այսպիսի միջադէպ մը տեղի ունեցաւ. երբ մենք նստած էինք պատուիրակութիւններու սրահին մէջ, Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը սրընթաց անցաւ, յետոյ վերադաձաւ եւ մօտեցաւ՝ սկիզբը ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանին, որուն ծանօթ էր Եւրոխորհուրդի մէջ համատեղ աշխատանքի ժամանակ: Յետոյ նաեւ ծանօթացաւ ինծի եւ ըսաւ, որ իրենք կը հետեւէին հայաստանեան գործընթացներուն եւ տեղեակ են»,- պատմած է ան։

Չաւուշօղլուն Նիկոլ Փաշինեանը նաեւ շնորհաւորած է վարչապետ ընտրուելուն առիթով եւ հեռացած. «Որեւէ ուրիշ շփում չէ եղած, կապ չէ եղած»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը:

Leave a Reply