Category: Սփիւռք
Սուրիոյ Երիտասարդաց Միութեան Անդամները Ոգեկոչեցին Լիզպոնի Ողջակէզներուն Յիշատակը
Ուրբաթ, 27 Յուլիս 2018-ին, Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան մէջ գտնուող Լիզպոնի գործողութեան հինգ նահատակներուն յուշակոթողին մօտ, Սուրիոյ Երիտասարդաց Միութեան Հալէպի մասնաճիւղերու անդամները ոգեկոչեցին Լիզպոնի տղոց յիշատակը, ծաղկեպսակ զետեղեցին յուշակոթողին դիմաց ու […]
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Այցելեց ՀՄԸՄ-ի Բանակավայր Եւ Սկաուտներուն Յորդորեց Նուիրական Աշխատանքով Շէնացնել Մեր Կեանքը
Յուլիս 28-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, պաշտօնական հանդիսութեամբ մը Բիւրականի մէջ իր աւարտին հասաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումը: Հայաստանի մէջ կատարուած համա-ՀՄԸՄ-ական եօթը բանակումներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, նաեւ` միութեան 100-ամեայ […]
Աթէնքի Շրջակայքի Հրդեհին Պատճառած Աղէտին Առեթով ՀՀԿԽ-ի Յայտարարութիւնը
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՔ ԵՐԿԱՐԵՆՔ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութիւնս խոր կսկիծով կը հետեւի Աթէնքի շրջակայքը տարածուած ահարկու հրդեհին պատճառած կացութեան, որ սփռեց մահ ու դարձաւ աղէտ: Վարչութիւնս անմիջապէս որոշեց […]
Յորդանանի Հայկական Դպրոցին Փակումը Չեղարկուած է
Յորդանանի միակ հայկական Լ. Իւզպաշեան-Գ. Կիւլպէնկեան Ազգ. վարժարանը պիտի չփակուի։ Այս մասին Յորդանանէն կը յայտնէ Մարալ Ներսէսեան։ Հասարակական ցանցերու մէջ տարածուած դպրոցի փակման վերաբերեալ մտահոգութիւններու ահազանգին իբրեւ արդիւնք՝ Յուլիս 25-ի […]
Ցեղասպանութենէն Վերապրածներու Իրերը՝ Իլինոյի Ողջակիզման Թանգարանին Մէջ
Իլինոյ նահանգի Ողջակիզման թանգարանին եւ կրթական կեդրոնին մէջ (The Illinois Holocaust Museum and Education Center) 19 Յուլիսին բացումը կատարուեցաւ «Փրկուածներու պատմութիւններ» խորագիրով ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու […]
«Կազեթէքարընճա» Կայքը Ներկայցուց 1915էն Ետք Չիլի Գաղթած Հայ Ընտանիքի Մը Պատմութիւնը
«Կազեթէքարընճա» կայքը ներկայացուց 1915էն ետք Չիլի գաղթած առաջին հայ ընտանիքներէն մէկուն՝ Պալոյեաններու պատմութիւնը։ «Օրորա» մրցանակի կայքի «100 Կեանք» նախագիծի ծիրին մէջ Պալոյեաններու հետ կատարուած հարցազրոյցը թրքական կայքին կողմէ թարգմանուած ու […]
Երիտասարդական Ջահերթ` Լիզպոնի Հինգ Հերոսներու Յիշատակին
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` Հինգշաբթի, 26 Յուլիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հարիւրաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին առջեւէն ջահերթով ուղղուեցան դէպի Պուրճ Համուտի […]
Այսօր Աշխոյժ Պայքար Կայ Կաշառակերութեան Դէմ. Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպած է ՌԴ Հիւսիս-արեւմտեան Տարածաշրջանի Հայ Գործարարներու Հետ
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցով ժամանած է Ռուսիոյ Դաշնութիւն՝ Ս. Փեթերզպուրկ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Կառավարութեան ղեկավարը հանդիպած է ՌԴ հիւսիս-արեւմտեան տարածաշրջանի քանի մը տասնեակ հայ գործարարներու հետ: «Կ՝ուզեմ բոլոր […]
«Հայաստան» Հիմնադրամը Պիտի Ձեռնարկէ Անհրաժեշտ Բարեփոխումներ եւ Իրականացնէ Առաւել Կարեւոր Ծրագիրներ. Պետրոս Թերզեանի Յայտարարութիւնը
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի գործադիր տնօրինութեան ժամանակաւոր պաշտօնակատար Պետրոս Թերզեան տարածած է յայտարարութիւն՝ դիմելով հիմնադրամի նուիրատուներուն: Ան վստահեցուցած է, որ հիմնադրամը կը շարունակէ բնականոն գործունէութիւնը եւ ընթացքի մէջ են շուրջ 60 […]
Սփիւռքահայ Արուեստագէտներու Նուիրուած Ֆիլմի Ցուցադրութիւն
Հայկական ֆիլմի ընկերակցութիւնը, որ մօտաւորապէս երեք տարի առաջ հաստատուած էր՝ առաջնորդութեամբ Արմէն եւ Մերի Քարօղլանեաններուն եւ համագործակցութեամբ «Ապրիլ» գրատան, վերջերս վերածուեցաւ անդամակցութեամբ ընկերակցութեան մը, որուն անդրանիկ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ […]










