Նպաստաւոր Պայմաններ` Սպահանի Պետական Համալսարանի Հայոց Լեզուի Եւ Գրականութեան Բաժինին Մէջ Ուսումը Շարունակել Ցանկացողներուն Համար

Սպահանի Հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական եւ Համալսարանական կրթաթոշակներու հոգաբարձութեան խորհուրդներու որոշումներու հիման վրայ նպաստաւոր պայմաններ  ստեղծուած են Սպահանի պետական համալսարանի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինին մէջ ուսումը շարունակել ցանկացող […]

Էրտողանի Պատճառով Թուրքիան Քաղաքականապէս եւ Տնտեսապէս Պիտի Չտարբերի Սուտանէն. Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է ամերիկացի հոգեւորականը պատանդ պահելու պատճառով ԱՄՆ–իպատժամիջոցներու հետեւանքներուն: Կարօ Փայլան Twitter–ի իր էջին մէջ գրած է. «Հոգեւորական Պրանսընը պատանդ պահելու հետեւանքով Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ սահմանեց Արդարադատութեան եւ Ներքին գործոց նախարարին դէմ: Պատանդներու առեւտուրով զբաղելու ընթացքին Թուրքիան քաղաքականապէս […]

Կլենտէլի Քաղաքային Խորհուրդը Հաստատեց Հայ-ամերիկեան Թանգարանին Նախագիծը

Կլենտէլի քաղաքային խորհուրդը միաձայն հաստատեց Հայ-ամերիկեան թանգարանի նախագիծը: Ըստ Asbarez.com-ի՝ թանգարանի տարածքը, տարեկան 1 միլիոն տոլար վարձավճարով,  վարձակալութեան պիտի տրուի: Տարածքը պիտի տրամադրուի 55 տարիով՝ 40 տարի եւս զայն երկարաձգելու հնարաւորութեամբ: Թանգարանի գործադիր նախագահ Պերճ Կարապետեան […]

Նիւ Եորքի Մէջ Հայկական Մշակոյթն ու Արուեստը Ներկայացնող Ցուցահանդէս Պիտի Կազմակերպուի

Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթէն» արուեստի թանգարանին մէջ, Սեպտեմբեր 22-ին, տեղի պիտի ունենայ 4-17-րդ դարերու հայկական մշակոյթն ու արուեստը ներկայացնող ցուցահանդէս: Այս մասին կը տեղեկացնեն Ամերիկայի հայկական թանգարանի մամուլի ծառայութենէն: Ցուցահանդէսին ընթացքին […]

Բուռնաշեթցիներու 16 Հոգինոց Խումբը Արարատ կը Բարձրանայ

Ախալքալաքի շրջանի Բուռնաշեթ գիւղի 16 հոգինոց խումբը կը բարձրանայ Արարատ լեռ։ Նախաձեռնողները, ըստ Akhaltskha.net-ի, մոսկուայաբնակ Ա Քոչոյեանը եւ Գ․ Կուրղինեանն են, իրենց համագիւղացիներուն հետ միասին։ Արմէն Կուրգինեանի խօսքով՝ բիբլիական Արարատ […]

Հայ Դատը Կ՛ողջունէ Թուրքիոյ Դէմ Որդեգրուած Պատժամիջոցները

Ինչպէս հաղորդած էինք, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Օգոստոս 1-ին, Թուրքիոյ արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարներ Ապտուլհամիտ Կիւլի եւ Սիւլէյման Սոյլուի դէմ պատժամիջոցներ սահմանած էին՝ Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած ամերիկացի պատուելի Էնտրու Պրանսընը […]

Համահայկական 8-րդ Կրթական Խորհրդաժողովը կը Համախմբէ 24 Երկրի 120 Ներկայացուցիչ

Երեւանի Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ, Օգոստոս 2-ին, իր աշխատանքներուն սկսաւ Համահայկական 8-րդ կրթական խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցի Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի 24 երկրի 120 ներկայացուցիչ: Համաժողովին ողջոյնի ուղերձ յղեց […]

Առաջին Հանրապետութեան եւ Մայիսեան Հերոսամարտերու 100-ամեայ Տարեդարձը Մեծ Շուքով Նշուած է Նաեւ Հալէպի Մէջ

100 տարի առաջ այս օրերուն տեղի ունեցած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի անդրանիկ նիստը` Աւետիք Սահակեանի ղեկավարութեամբ: Այս առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան` ընդգծելով, որ Մայիսեան հերոսամարտերի շնորհիի ծնունդ առած եւ դժուարին […]

ԱՀ Պետական Նախարարը Ընդունած է Պետրոս Թերզեանը

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Օգոստոս 2-ին, ընդունած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Պետրոս Թերզեանը: ԱՀ պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն փոխանցուած […]

Հալէպի Մէջ Լոյս Տեսաւ Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեանի «Փոխակերպում» Խորագրեալ Գիրքը

Հալէպի Ոսկետառ տպարանը լոյս ընծայեց հալէպահայ գրող Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեանի «Փոխակերպում» խորագրեալ արձակ գրութիւններու ժողովածուն: Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» մատենաշար-25: «Գանձասար»-ի տեղեկութիւններով՝ այս գիրքը հեղինակին 5-րդ հրատարակութիւնն է: