Category: Սփիւռք
Ամերիկացի Հաղորդավարը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Ըրաւ Թրամփին
«Ֆաքս» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավարներէն Լիսա Քենետի-Մանթկամըրի կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որ պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ըստ «Ասպարէզ»-ի՝ անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութեանց վատթարացման ու ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրանսընը […]
Ուիլեըմ Սարոյեանի Չհրատարակուած Թատրերգութեանց Ներկայացումը Լոս Անճելըսի Մէջ
Ուիլեըմ Սարոյեանի երբեք բեմ չհանուած եւ չհրատարակուած թատրերգութիւններէն տեսարաններ առաջին անգամ ըլլալով պիտի բեմականացուին Լոս Անճելըսի Կեդրոնական գրադարան «Թէյփըր» թատերասրահին մէջ, Սեպտեմբեր 15-ին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։ Մրցանակակիր թատերագիր […]
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Յուշանուէրներ Յանձնեց «Ազդակ»-ի Եւ «Վանայ Ձայն»-ի Ընտանիքներուն
Օգոստոս 20-ի, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը` բաղկացած Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վաչէ Նաճարեանէ ու տոքթ. Իշխան Եղիայեանէ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ […]
Սուրիոյ Նախագահին Հրամանով Հալէպի Մէջ Վարժարան մը Կը Վերանուանուի Սուրիահայ Նահատակ Զինուորին Անուամբ
Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հրամանով Հալէպի «Դամասկոս» նախակրթարանը կը վերանուանուի սուրիահայ նահատակ զինուոր Գրիգոր Աշնաքլեանի անուամբ, 5 Օգոստոս 2018-ին: Նշենք, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ եւ առաջին տիկին Ասմա Ասատ, […]
Դոկտ. Ումիթ Քիւրթ Կը Նշանակուի Ֆրեզնոյի Հայագիտականին «Գազան» Հիմնարկի Այցելու Դասախօս
ՖՐԵԶՆՕ.- Շնորհիւ Հենրի Գազանճեան–Գազան հիմնարկի հաստատած հիմնադրամին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրը հիւր դասախօսներ կը հրաւիրէ, իւրայատուկ դասախօսութիւններու հետեւելու առիթը ընծայելով համալսարանի ուսանողներուն։ Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի համակարգող՝ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան կը հաղորդէ, թէ 2018-2019 համալսարանական տարեշրջանի աշնանային կիսամեակին, Հենրի Ք. Գազանճեան Գազանի այցելու դասախօսը պիտի ըլլայ դոկտ. Ումիթ Քիւրթ, որ ուսումնասիրած […]
Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Լիբանանի Մէջ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին, երէկ` Ուրբաթ, 17 Օգոստոս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ընդմէջէն յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ […]
Երիտասարդութիւնը Պիտի Գիտնայ, Որ Ինք Մեր Կեանքին Մէջ Կարեւոր Տեղ Ունի եւ Կոչուած է Ունենալու Առանցքային Դերակատարութիւն. Արամ Ա. Կաթողիկոս
«Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի աւարտը խորհրդանշող իբրեւ եզրափակիչ հանդիպում, Ուրբաթ, 17 Օգոստոս 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ. Ա. վեհափառ հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց «Ապագայ լրագրող»-ները` ընկերակցութեամբ […]
Հայ Դատի Յանձնախմբի Պատուիրակութիւնը Հանդիպած է Գանատայի Փոքր Գործարարութեան եւ Արտահանման Խթանման Նախարարին Հետ
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը հանդիպած է երկրի փոքր գործարարութեան եւ արտահանման խթանման նախարար Մարի Նկանի հետ: Հայ Դատի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ յանձնախումբի պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են Շահէն Միրաքեան, Սեւակ […]
Վանգուվըրի Մէջ ՀՄԸՄ-ի Նոր Մասնաճիւղ Հիմնուեցաւ
ՀՄԸՄ–ի 100-ամեայ յոբելեանի նորագոյն նուէրը հանդիսացաւ Գանատայի Վանգուվըր քաղաքի մէջ հիմնուած նոր մասնաճիւղը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հորիզոն»-ը։ Արդարեւ, Շաբաթ, 18 Օգոստոսին, հովուական այցելութեամբ Վանգուվըր ժամանած Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. […]
Սփիւռքի Գործարարները Կը Դիտարկեն Հայրենիքի Մէջ Ներդրումային Նախագիծերու Իրականացման Հնարաւորութիւնները. Կարօ Արմէն
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է գործարար, «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի հիմնադիր եւ խորհուրդի ատենապետ Կարօ Արմէնը եւ մշակութային գործիչ Թօնի Շաֆրազին, որ իր գործունէութեան ընթացքին համագործակցած է աշխարհահռչակ շարք մը արուեստագէտներու, […]









