Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակները Ներառուած են UNESCO-ի Յոբելինական Իրադարձութիւններու Օրացոյցին Մէջ

Երգահան Կոմիտասի եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակները ներառուած են UNESCO-ի յոբելինական իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ: Այս մասին, ըստ Hayernaysor.am-ի, Յունուար 29-ին, մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող […]

Անարգ Յարձակում Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայկական Դպրոցներու Վրայ

Յունուար 28-29 լուսցող գիշերուան ընթացքին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական վարժարանը եւ Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը թիրախ դարձած են ոստիկանութեան բնութագրումով՝ «ատելութեան միջադէպ» յարձակումի մը, որու ընթացքին թրքական դրօշակներ […]

Դաշնակցութիւնը Կանգնած Է Արցախի Կողքին. Մամլոյ Ասուլիս

ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան Յունուար 29-ին տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովը […]

Հայ Դատի Յանձնախումբը Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Նախարար Ատրիան Տիքսի Հետ Քննարկեց Արցախի Հիմնահարցը

Յունուար 25-ի յետմիջօրէին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեան եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Շրջանի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Առողջապահութեան […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի Կարգ»ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Տիկ. Մէթթի Տումանեանը

Շաբաթ, 26 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, յարգելով Կաթողիկոսարանի եւ Թռչնոց Բոյնի, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային Առաջնորդարանի նուիրատու տոքթ. Գրիգոր Տումանեանի յիշատակը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ […]

Պոլսահայ Գործիչ Հայկօ Պաղտատը Վիրաւորած Փրոֆէսըրին Դէմ Դատական Հայցը Մերժուած է

Թրքական դատարանը մերժած է պոլսահայ յայտնի լրագրող, գրող եւ հրապարակախօս Հայկօ Պաղտատը «սուրի աւելցուկ» անուանած թուրք փրոֆէսըրին դէմ ներկայացուած հայցը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով gazeteduvar.com.tr-ը։ Նշուած հայցը դատարան […]

Թուրքիան Միշտ Տարած է Ահաբեկչական Գործունէութիւն եւ Առ Այսօր կը Շարունակէ Իր Ընթացքը. Նորա Արիսեան

Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ 1998-ին կնքուած Ատանայի համաձայնագրին առնչութեամբ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւններուն մասին սուրիական «Ալ Ազմինէ» ամսագրի լրագրող Մուհամմէտ Անուար Ալ-Մասրի յատուկ հարցազրոյց ունեցած է Սուրիոյ խորհրդարանի հայ […]

Հայկական Գինիի Եւ Ոգելից Ըմպելիներու Նուիրուած 2-րդ «ԳինիՖեսթ» Փառատօնը Կլենտէյլի Մէջ

Հայկական գինիներու եւ ոգելից ըմպելիներու հարուստ տեսականիին մօտէն ծանօթանալու առիթ մը պիտի ըլլայ Կիրակի, Մայիս 19-ին, կ.ե. սկսող եւ մինչեւ երեկոյեան ժամը 9 շարունակուող տարեկան երկրորդ «ԳինիՖեսթ» փառատօնը, որ տեղի […]

Հայ-Ամերիկեան Բժշկական Առաքելութեան Աջակցութիւնը Աշտարակի Բժշկական Կեդրոնին

  Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի ջանքերով ստեղծուած Հայ-ամերիկեան բժշկական առաքելութիւն ծրագիրը, Յունուար 24-ին, Աշտարակի բժշկական կեդրոնին նուիրած է յատուկ սառնարան եւ գերժամանակակից ախտորոշիչ սարքաւորում: Այս մասին կը […]

Հայ Դատը Կ՛առաջարկէ Ուաշինկթընի Մէջ Թուրք Դեսպանի Նստավայրին Փողոցը Վերանուանել «Դեսպան Մորկընթաու»

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը կ՛առաջարկէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, Թուրքիոյ դեսպանի պաշտօնական նստավայրին փողոցը վերանուանել յայտնի իրաւապաշտպան, Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու վերջին դեսպան ու Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես Հենրի Մորկընթաուի […]