Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի Կիսանդրին

Հայաստանի մարմնամարզութեան պետական հիմնարկի (ֆիզիկական կուլտուրայի եւ սպորտի պետական ինստիտուտի) գլխաւոր շէնքին կից բացուեցաւ 1915 թուականի թրքական ճնշումներուն զոհ գացած պոլսահայ մարզիկ Շաւարշ Քրիսեանի կիսանդրին: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` բացման հանդիսաւոր արարողութեան […]

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11-ին սկսաւ իր լիագումար նիստին: Լիագումարի աշխատանքներու ծիրին մէջ,  նոյն օրը երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: […]

Աբեղայական Ձեռնադրութիւն Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի՝ Հոկտեմբեր 6-ին, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութան դպրեվանքի […]

Սուրիոյ Վրայ Թրքական Յարձակումը Դատապարտող Բողոքի Ցոյց Կայացաւ Մոնթրէալի Մէջ

Հոկտեմբեր 12-ին, Fondation Kurde Du Québec քրտական կազմակերպութեան կողմէ Մոնթրէալի քաղաքակերոնին մէջ կազմակերպուած ցոյցին մասնակցեցան նաեւ Մոնթրէալի հայ երիտասարդական կազմակերպութիւններ։ Ցոյցի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Հրակ Չինչինեան, որ դատապարտեց թրքական […]

Թուրքերը Հիմա Ալ Թրամփի Օրհնութեամբ Քիւրտերու Ցեղասպանութիւն Կ’իրականացնեն

Ամերիկահայ յայտնի երգչուհի Շեր (Շերիլին Սարգսեան) անդրադարձած է Սուրիոյ հիւսիսը Թուրքիոյ ռազմական յարձակումներուն, յիշեցրել նոյն թուրքերուն կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութեան մասին: «Ես լսած եմ արեան ծարաւ թուրքերու մասին, որոնք տանջած եւ […]

Նոյնիսկ Սուրիոյ Մէկ Մասին Բռնագրաւումը Ճամբայ Կը Հարթէ Արաբական Այլ Տարածքներու Բռնագրաւման. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի  Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Խաղաղութեան աղբիւր»-ը կը բխի ահաբեկչութեան պետութենէն: Թուրքիա կը ներթափանցէ սուրիական տարածք եւ կը բռնագրաւէ, մինչ «քաղաքակիրթ» աշխարհը կը դիտէ: […]

Սուրիացի Քիւրտերով, Ասորիներով Եւ Հայերով Բնակեցուած Տարածքը Անգամ Մը Եւս Վտանգի Հետ Դէմ Յանդիման Կը Գտնուի. Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ Ազգային ժողովին մէջ քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան Կարօ Փայլան` անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ հիւսիսը կատարուող զինուորական գործողութեան, «Ակօս»-ին յայտնեց, թէ այդ քայլը շատ լուրջ վտանգներու դուռ կը բանայ: […]

Արամ Ա. Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիոյ Իրադարձութիւններուն

Վերջին օրերուն, լրատուական միջազգային միջոցները կեդրոնացած են Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ թրքական բանակային միաւորներու յառաջխաղացքին եւ անոր յառաջացուցած մարդկային ու ֆիզիքական վնասներուն վրայ: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մնայուն կապի մէջ […]

Սուրիոյ, Լիբանանի Եւ Իրաքի Դեսպանատուներէն Պիտի Շարունակուի Անցագիրի Ստանձնումը

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը փոփոխութիւն կատարեց իր որոշումին մէջ, որպէսզի Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ գործող Հայաստանի դեսպանութիւններէն եւ հիւպատոսական հիմնարկներէն առաջին անգամ Հայաստանի քաղաքացիի անցագիր կարելի ըլլայ ստանալ մինչեւ 31 […]

Գարեգին Բ. Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Սուրիոյ Վերջին Զարգացումներուն Գծով

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն առիթով: «Վերջին ժամերուն տագնապալի լուրեր կըք ստանանք Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան հիւսիս-արեւելքը Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող ռազմական […]