Թէ՛ Հայաստանը եւ Թէ Սփիւռքը Մնացած Են Պարագայական Նախաձեռնութիւններու Սահմաններուն Մէջ. Արամ Ա Կաթողիկոս

Թէ՛ Հայաստանը եւ թէ Սփիւռքը մնացած են պարագայական նախաձեռնութիւններու սահմաններուն մէջ։ Այս մասին, ըստ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի, Facebook-ի իր էջին մէջ գրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս։ «Ցարդ, Հայաստանը չէ […]

Եւրոպայի Հայ Դատը Կը Քննադատէ Ցեղասպանութեան Մասին Եւրոպական Միութեան Խուսափողական Յայտարարութիւնը

 Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան բաց նամակ մը յղեց Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինիին՝ քննադատելով Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով առաքելութեան կատարած յայտարարութիւնը։ Նամակին մէջ կը շեշտուի, […]

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Սուրիոյ Պատերազմի Նահատակներու Մայրերուն

Մայիս ամսուան մէջ կը յիշատակուին երկու տօներ՝ Նահատակներու տօնը եւ Մայրերու տօնը, որոնք վեր կը բարձրացնեն զոհողութեան եւ նուիրուածութեան վսեմ յատկութիւնները: Բարեպատեհ այս տօներուն առիթով, Կիրակի, 10 Մայիս 2020-ի առաւօտուն, […]

Hurriyet-ը Անդրադարձած է Պոլսահայ Նշանաւոր Feminist Գրող Զապէլ Եսայեանին

Թրքական «Hurriyet» թերթի կայքի սիւնակագիր Պահար Չուհատարը անդրադարձած է պոլսահայ նշանաւոր feminist գրող, թարգմանիչ, հրապարակախօս, գրականագէտ Զապէլ Եսայեանի կենսագրութեան պատկերներով Պոլսոյ մէջ բեմադրուող «Զապէլ» ներկայացման։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կ՝իմանայ Ermenihaber.am-էն։ […]

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Մասնակցեցան Մայրերու Մեծարման Նախաձեռնութեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, համադրաբար Լիբանանի ներքին գործոց նախարարութեան եւ գործակցութեամբ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին, Կիրակի, 10 Մայիս 2020-ին, Լիբանանի սկաուտները, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները տարբեր շրջաններուն մէջ լիբանանեան […]

Աւելի Քան 100 Տարի Անցած է, Սակայն Այդ Սուրը Ոչ Մէկ Կերպ Վար Դրուած է. «Ակօս»

Պոլսահայ «Ակօս» թերթը անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին աղմկայարոյց արտայայտութեան։ Էրտողանը՝ խօսելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մասին՝ նշած էր, որ Թուրքիոյ մէջ կան «սուրի աւելցուկ» ահաբեկիչներ, որոնց թոյլ պիտի […]

Այսօր Ալ Պատրաստ Ենք Անհրաժեշտութեան Պարագային Հերթական Խորտակիչ Հարուածը Հասցնելու Հակառակորդին. Ջալալ Յարութիւնեան

Արցախի Հանրապետութեան ՊՆ, ՊԲՀ, զօրավար-հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեան ուղերձ յղած է Մեծ Հայրենականի մէջ տարած յաղթանակին, Շուշիի ազատագրման եւ ՊԲ օրուան կապակցութեամբ։ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը ուղերձը կը ներկայացնէ Արեւմտահայերէնի վերածած. «Սիրելի հայրենակիցներ, Մայիս […]

Փա՛ռք Հայ Ժողովուրդի Ազատութեան Համար Մարտնչած Բոլոր Հերոսներուն․ ՀՀ Վարչապետի Ուղերձը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձ յղած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի յաղթանակի 75-րդ տարեդարձին, Շուշիի ազատագրման եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստեղծման օրուան կապակցութեամբ։ Այս մասին կը փոխանցէ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան […]

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Պաշտօնը Ստանձնելու Առիթով Երդման Հանդիսաւոր Խօսքս Ժողովուրդիս Պիտի Յղեմ Պատմական Շուշիէն. Արայիկ Յարութիւնեան

Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Եռատօնին նուիրուած իր շնորհաւորական խօսքին մէջ կը նշէ, որ ԱՀ նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով՝ երդման հանդիսաւոր խօսքը, Մայիս 21-ին, ժողովուրդին պիտի ուղղէ պատմական Շուշիէն՝ […]

Հայրենիքի Պաշտպանութեան, Ազատութեան, Խաղաղութեան Նուիրական Խորհուրդ Ունի Մեզի Համար Մայիս 9-ը․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը շնորհաւորական ուղերձ յղած է յաղթանակի, խաղաղութեան, Շուշիի ազատագրութեան եւ Պաշտպանութեան բանակի օրուան առիթով։ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը ուղերձը կը ներկայացնէ Արեւմտահայերէնի վերածուած. «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն հոգիի բերկրութեամբ Հայրապետական Մեր […]