Category: Սփիւռք
Տոմինկօ Հինտոյեան Պիտի Ստանձնէ Լիվըրփուլի Ֆիլհարմոնիքին Ղեկը
Խմբավար Տոմինկօ Հինտոյեան Սեպտեմբեր 2021-ին պիտի ստանձնէ Լիվըրփուլի Արքունի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին ղեկը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթէն։ «Հիանալի հաւաքական ուժ է այս նուագախումբը, որ կազմուած է […]
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Հանդիպած է Պոլսահայ Մամուլի Ներկայացուցիչներու Հետ
Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեան խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցած է Պոլսոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալող հայկական լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն հետ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ պատրիարքարանի տարածած յայտարարութեան միջոցով։ Հանդիպման գլխաւոր […]
Երուսաղէմի Քաղաքապետը Ներկայ Եղած է Հայկական Յախճապակիի Արուեստին Նուիրուած Ցուցահանդէսին
Երուսաղէմի քաղաքապետ Մոշէ Լիոնը նախօրէին այցելած է «Բնութեան թանգարան»՝ դիտելու հայկական յախճապակիի արուեստին նուիրուած ցուցահանդէսը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը տեղեկացնէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Յովնան Պաղտասարեան։ Ցուցահանդէսը նուիրուած է Սուրբ Երկրին […]
Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Տեղի Չէ Ունեցած, Հապա Հայ Ժողովուրդը Ո՞ւր Է. Կարօ Փայլան
Հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան հարցադրումներ հասցէագրեց Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթային՝ գրաւոր պատասխանի պահանջով։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթէն։ Փայլան այս անգամ օրակարգ բերաւ նախագահութեան առընթեր բարձրագոյն խորհրդատուական […]
Արցախի Կառավարութիւնը Պիտի Աջակցի Լիբանանահայութեան. Նախագահ Յարութիւնեան Ընդունեց Կարօ Քեպապճեանը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Յունիս 29-ին ընդունեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը, կը տեղեկացնէ “Ապաևաժ”-ը: Նախագահը նշեց, որ Արցախի մէջ ուշադրութեամբ կը հետեւին Լիբանանի ընկերային-տնտեսական […]
Արամ Ա. Վեհափառին Հայրապետական Գահակալութեան 25-Ամեակ. Հայրապետական Մաղթանք
28 Յունիսին 25-ամեակն է Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական ընտրութեան ու օծման: Այս առիթով յատուկ ծրագիրներ մշակուած էին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ՝ նշելու ու արժեւորելու Վեհափառ Հայրապետի 25 տարիներու ծառայութիւնը Մեծի Տանն […]
Նորա Արիսեան Երեսփոխանական Թեկնածութիւնը Պիտի Առաջադրէ` Սուրիոյ Ընտրութիւններուն
Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, «Հայաստան-Սուրիա» բարեկամական խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեան Facebook-ի իր էջով կը հաղորդէ, որ պիտի առաջադրուի երրորդ գումարման խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Նշենք, որ Սուրիոյ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած էին […]
Խախտելով Սահմանադրութիւնը` Վարչապետը Չի Կրնար Երկիրը Տանիլ Ժողովրդավարութեան. Մուրատ Փափազեան
Բոլորս ալ պէտք է գիտնանք, որ ժողովրդավարութեան այբուբենը յարգանքն է Սահմանադրութեան նկատմամբ, պէտք է յարգել Սահմանադրութիւնը, եթէ կ՛ուզենք երկիրը առաջնորդել դէպի ժողովրդավարութիւն: Այս մասին, Tert.am-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ըսաւ […]
Ֆրանսահայ Ժաննա Բարսեղեան Սթրազպուրկի Քաղաքապետ Ընտրուած Է
Ֆրանսահայ Ժաննա Բարսեղեան ընտրուած է Սթրազպուրկի քաղաքապետ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնէ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը: Ձայներու 42,5%-ով, Ֆրանսայի Կանաչներու կուսակցութեան թեկնածուն առաջնակարգն է: Ժաննա Բարսեղեան 40 տարեկան է։ Ան ընտրութիւններուն […]
Հայաստանի Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբը Կը Շարունակէ Աջակցիլ Հալէպի Բուժհաստատութիւններուն
Յունիս 25-ին, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան կազմին մէջ ընդգրկուած բժշկական խումբը, ըստ բարի աւանդոյթի, Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցած է բժշկական անհրաժեշտ պարագաներ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը […]










