«Արեւմտահայերէնի Կենսունականացման Աշխատանքը Կրնայ Համակերպիլ Սփիւռքեան Այլազանութեան» Հաստատեց Փրոֆ. Անահիտ Տօնապետեան

Սփիւռք


«Ազդակ»-ի 13-րդ առցանց լսարանին դասախօսն էր Ինալքօ համալսարանի հայագիտութեան բաժնի տնօրէն, փրոֆ. Անահիտ Տօնապետեան: Նիւթը` «Կենսունակ արեւմտահայերէնի աշխարհագրութիւնը»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Փրոֆ. Տօնապետեան նախընտրեց նիւթը բանաձեւել` ինչպէ՞ս խօսիլ կենսունակ արեւմտահայերէնի աշխարհագրութեան մասին ձեւակերպումով: Միաժամանակ հաստատեց, որ տուեալները շատ չեն այս թեմային մասին թուային հիմնաւորումներով  եզրայանգումներ կատարելու համար:

Այնուհետեւ Անահիտ Տօնապետեան յստակացուց, որ աշխարհագրութիւնը այս պարագային սերտօրէն կապուած է ժամանակագրութեան հետ, եւ բնիկ վայրերէ գաղթած ազգաբնակչութեամբ պայմանաւորուած է լեզուի կենսունակութեան խնդիրը: Ա.  Տօնապետեան անդրադարձաւ աշխարհագրական միջավայրերու այս առումով ունեցած իւրայատկութիւններուն եւ բնականաբար անոնց ազդեցութեան` լեզուի կենսունակութեան վրայ:

Ըստ դասախօսին, Միջին Արեւելքի օսմանական համայնքային համակարգը, Արեւմտեան Սփիւռքի մէջ յետցեղասպանային գործօններու այլապէս նպաստաւոր պայմաններու բացակայութիւնը, Քեպեքի մէջ երկլեզու դրութեան ուղղակի կամ անուղղակի ազդեցութիւնները` նշելու համար ընդհանուր համապատկերի կարգ մը առանցքներ, կենսունակութեան տարբեր իրավիճակներ կը ստեղծեն:

Ամբողջ Սփիւռքի մէջ հայկական վարժարան յաճախող 25,000 թիւ հաշուող աշակերտութիւնը, որոշ համայնքներու նօսրացման առընթեր, կը նուազի եւ ընդհանուր միտումը հետզհետէ կը զրկէ արեւմտահայերէնը տոհմիկ հանգամանքէ:

Անահիտ Տօնապետեան լուսարձակները կեդրոնացուց նորախօսութեան,  «Պլըտեան» եւ «Զարմանազան» երեւոյթներուն վրայ , որոնք յաջողած են երիտասարդ սփիւռքահայերու ստեղծագործ աշխատանքներու արտադրողականութեան վրայ դրական ազդեցութիւն ներգործել:

Լեզուի կանոնարկումի եւ կենսունականացման երեւոյթներու տարբերութիւնները մատնանշելով` Անահիտ Տօնապետեան հաստատեց, որ կենսունականացման աշխատանքը կրնայ համակերպիլ սփիւռքեան այլազանութեան:

Դասախօսութեան յաջորդեց հարցումներու  եւ տեսակէտներու ճամբով հետաքրքրական քննարկում: 53 լսարանականներ Արեւելեան (Լեհաստան, Հունգարիա)  եւ կեդրոնական Եւրոպայէն, Ռոստովէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Փաքիստանէն, Միջին Արեւելքի  երկիրներէն եւ Միացեալ Նահանգներէն գոհունակութիւն յայտնեցին արդիական հնչեղութիւն ունեցող թեմայի մասնագիտական ներկայացման համար: