Ընտրե՛լ «Հայաստան» Դաշինքը Նաեւ Յանուն Ջաւախահայութեան Ապագայի. Կոչ Ջաւախքէն

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը կանգնած են աննախադէպ մարտահրաւէրներու առջեւ, կորսնցուցած ենք Արցախի զգալի հատուածը, վտանգուած են հայկական պետականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը: Այս իրավիճակին մէջ Ջաւախքը, ջաւախահայերը չեն կրնար անտարբեր […]

Ազրպէյճանին Օժանդակութիւն Տրամադրելու եւ Հայ Ռազմագերիներու Հարցերով՝ ԱՄՆ Ծերակոյտի ԱՅՅ Անդամները Պայտընի Վարչակազմէն Պատասխան Կը Պահանջեն

Յունիս 8-ին, 2022թ. գանձային (fiscal) տարուան համար, ԱՄՆ արտաքին օժանդակութեան պիւտճէի նախագիծի լսումներուն ժամանակ, ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամները եւ հայկական հարցերով հետաքրքրուած ծերակուտականները, մասնաւորապէս յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտեսը, […]

«Հայկական Մշակութային Շաբաթ»-ուան Եզրափակիչ Համերգները Հալէպի Պետ. Համալսարանէն Ներս

Հալէպի Պետական համալսարանէն ներս «հայկական Մշակութային Շաբաթ»ի եզրափակիչ համերգները տեղի ունեցան Երեքշաբթի, 8 Յունիս 2021-ի միջօրէին, Ճարտարապետական համալսարանի սրահէն ներս, ներկայութեամբ հայ եւ արաբ մեծաթիւ ուսանողներու եւ համալսարանի պատասխատու մարմիններու […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակցեցաւ Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումին

Այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 8 Յունիս 2021-ին, Պքէրքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումը, մասնակցութեամբ մարոնիթ, հայ առաքելական, յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ, հայ կաթողիկէ եւ գաղթէական […]

«Կեանքը Եւ Վէպի Ընդգրկումները» Խորագրով Միջազգային Գիտաժողով

Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական Պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի, Վաչէ Պարտիզունու անուան հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի եւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կենտրոնի կազմակերպութեամբ, Մայիսի 27-ին կայացաւ «Կեանքը եւ վէպի ընդգրկումները. […]

Յուշ Երեկոյ՝ Նուիրուած Արցախեան Պատերազմին Զոհուած Գէորգ Հաճեանի 50-ամեակին

Յունիս 11-ին, ժամը 16։00-ին, Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին մէջ պիտի կայանայ յուշ երեկոյ՝ նուիրուած Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած տաղանդաշատ երգիչ Գէորգ Հաճեանի 50-ամեակին։ Նշենք, որ ձեռնարկը կը կայանայ Երեւանի Կոմիտասի անուան […]

Կոչ Կ՛ուղղենք Միջազգային Համայնքին Դատապարտելու Արցախի Հայկական Բնիկ Մշակութային Ժառանգութիւնը Ջնջելու Ազրպէյճանի Արարքները. Համազգային

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան 1 Յունիս 2021-ի յղած նամակը հետեւեալ միջազգային կազմակերպութիւններուն. UNESCO, ICOMOS, Global Heritage Fund, World Monuments Fund, ICCROM, Europa Nostra, Blueshield International, Getty Conservation Institude, International Council on […]

Թուրքիոյ 1-ին Մասնագէտ Բռնցքամարտիկ Կարպիս Զաքարեանի Յիշատակին Նուիրուած Ցուցահանդէս

Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ, Յունիս 3-ին, բացուած է Թուրքիոյ 1-ին մասնագէտ բռնցքամարտիկ, «Երկաթէ բռունցք» ծածկանունով յայտնի Կարպիս Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէս։ Հանրութեան ներկայացուած են Զաքարեանի լուսանկարներն ու իրերը: Այս մասին […]

Սփիւռքը Իր Գործօն Մասնակցութիւնը Պէտք է Ունենայ Հայաստանի եւ Արցախի Զարգացման Հարցին Մէջ․ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի մէջ ձեւաւորուի թէ օրէնսդիր, թէ գործադիր իշխանութիւններ, որոնք իսկապէս կը վերադարձնեն Հայաստանի համար ազգային գաղափարախօսութիւնը, կը հզօրացնեն Հայկական բանակը, կը ստեղծեն Հայաստանի մէջ զարգացման հնարաւորութիւններ, լուրջ […]

Մահացած է Սփիւռքահայ Գրող, Հրապարակախօս Թորոս Թորանեանը

Կեանքէն հեռացած է գրող, հրապարակախօս, արձակագիր, հասարակական գործիչ, բժիշկ Թորոս Թորանեանը: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան՝ յիշեցնելով, որ Թորանեանը միութեան անդամ էր եւ վերջին տարիներուն […]