Category: Սփիւռք
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակը ԵՄ Դիտորդական Առաքելութեան Թափանցիկութեան եւ Հաշուետուողականութեան Կոչ Կ՝ընէ
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը Օգոստոս 15-ին հաստատած է, որ Վերին Շորժայի ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը թիրախ դարձուցած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութիւնը: Հակառակ վերջինիս նախնական հերքումին, հրապարակուեցան տեսաապացոյցներ, որոնք […]
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանեան Լրատուամիջոցներուն Փոխանցեց Արցախի Շրջափակման Վերաբերեալ Ականաւոր Ցեղասպանագէտներու Դիրքորոշումները
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը Օգոստոս 14-ին լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Տարբեր երկիրներէ ականաւոր ցեղասպանագէտներ բաց նամակ մը յղած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին, Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին եւ Ցեղասպանութեան […]
աթաթուրքի Արձանը Փրակա 6-ի Մէջ Պիտի Չդրուի
Փրակա 6-ի թաղապետարանը այսօր որոշում կայացուցած է, որ չի կրնար բաւարարել թրքական կողմին խնդրանքը եւ աթաթուրքի արձան չի կրնար տեղադրուիլ Փրակա 6-ի տարծաքին։ Արձանը կը նախատեսէին տեղադրել թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրման […]
Այնքան Պիտի Պայքարինք, Որ Վրաց Հասարակութիւնը Տեղեկացուած Ըլլայ Արցախի Խնդրին. Արթուր Միրզոյեան
Վրաստանը չեզոք դիրքորոշում կը ցուցաբերէ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ, որ ցաւալի է: Այս մասին Alpha News-ի ուղիղ եթերով ըսած է «Վրաստանի հայ համայնք» ՀԿ նախագահ Արթուր Միրզոյեան՝ ներկայացնելով Վրաստանի […]
«Բացէք Բերձորի Ճանապարհը». Ամերիկահայերու Ցոյցը՝ Լոս Անճելըսի Մէջ պաքուի Հիւպատոսարանին Դիմաց
ԱՄՆ-ի հայ համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց կազմակերպած են՝ ի պաշտպանութիւն արդէն 8 ամիս շարունակ շրջափակուած Արցախի։ Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։ Ամերիկահայերը հաւաքուած են Լոս Անճելըսի մէջ պաքուի հիւպատոսարանին դիմաց՝ […]
Արցախի Փրկութիւնը՝ Համահայկական Առաջնահերթութիւն. Արամ Ա. Վեհափառ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. Վեհափառի Հայրապետական պատգամը Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան առիթով, 12 Օգոստոս 2023ին։ Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Արցախի պարզած ներկայ ճգնաժամային կացութեան։ Շրջափակումի ենթարկուած […]
Ամերիկահայերը 5-րդ Օրն է Կը Շարունակեն Նստացոյցը՝ Իբրեւ Աջակցութիւն Շրջափակուած Արցախի (տեսանիւթ)
Լոս Անճելըլսի հայերը արդէն 5-րդ օրն է, որ կը շարունակեն բողոքի ցոյցերը` Բերձորի միջանցքի շրջափակման վերջ տալու եւ Արցախի մէջ խորացող մարդկայնական ճգնաժամը կանխելու նպատակով։ Անոնք նստացոյց յայտարարած են եւ […]
Արցախը Համահայկական Օրակարգի Կիզակէտն Է. Արամ Ա. Կաթողիկոս
10 Օգոստոս 2023-ին, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան հեռաձայնային կապ հաստատեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ս. Օծութեան իրեն փոխանցած շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներուն […]
Սպասելի է, որ Իրանը Կարելին Շարունակէ Կատարել Բերձորի Միջանցքի Վերաբացման Հարցով. Արամ Ա․ Կաթողիկոս
Հինգշաբթի, 10 Օգոստոս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատունէն պատուիրակութիւն մը։ Քննարկումներուն ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը դատապարտեց Շուէտի մէջ Քուրանի հրկիզման […]
«Ազդակ»-ի Մէջ Սարգիս Զէյթլեանի Կիսանդրիի Բացում Եւ Խմբագրասենեակի Անուանակոչում
Չորեքշաբթի, 9 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Գաղափարի Մարտիկ, նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի անուան խմբագրասենեակի անուանակոչում եւ կիսանդրիի բացում` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ […]









