Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Նուիրուած Ցուցահանդէսին Պիտի Մասնակցին Նաեւ Իրանցի Արուեստագէտներ

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին առիթով՝ Երեւանի մէջ եկող աշնան պիտի իրականացուի «Ժամանակակից արւեստի միջազգային ցուցահանդէս. Հայաստան, 2018 – Ժամանակակից արուեստի հնչիւններ» խորագիրով ցուցահանդէսը: Սեպտեմբեր 25-Հոկտեմբեր 25 երկարող ժամանակահատուածին՝ ցուցադրութիւնը […]

Կաշառակերութեան Դէմ Առնուած Քայլերուն Իբրեւ Արդիւնք Շուրջ 29,2 Միլիառ Դրամի Իրաւախախտում Բացայայտուած է

Այս տարուան Մայիս 8-Յուլիս 20 երկարող ժամանակահատուածին՝ կաշառակերութեան դէմ  կառավարութեան կողմէ առնուած քայլերուն իբրեւ արդիւնք՝ բացայայտուած է շուրջ 29,2 միլիառ դրամի իրաւախախտում: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին, գրած է կաշառակերութեան դէմ […]

ՀՀ Մշակոյթի Նախարարը ԱՄՆ Կատարած Այցէն Մեծ Ակնկալիքներ Ունի

Հայկական մշակոյթի հանրահռչակումը ցանկացած միջազգային հարթակի վրայ շատ կարեւոր է: Ըստ armenpress.am-ի՝ անդրադառնալով ԱՄՆ կատարած այցին եւ հայկական կողմի՝ «Ֆոլքլայֆ» մշակութային փառատօնի մասնակցութեան՝ նշած է ՀՀ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց: Անոր […]

Հոգեւոր Մշակոյթ -Բանահիւսութիւն, Ժողովրդական Երգ ու Պար…

Նախնադարէն սկսեալ բանահիւսութիւնը կազմած է մարդու կենցաղի անբաժան մասը: Որքան հին էր հասարակութիւնը՝ այնքան պարզ էին բանահիւսութեան տեսակները: Հակառակ անոր, որ անոնք անընդհատ յղկուած են, ենթարկուած են իմաստային փոփոխութիւններու, սակայն […]

ՀՅԴ Հայ Դատի ԱՄՆ-ի Գրասենեակի Տնօրէնը Ընդունած է ՀՀ Առաջին Փոխվարչապետը

Յուլիս 17-ին, ՀՅԴ Հայ Դատի ԱՄՆ-ի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ ԱՄՆ գտնուող ՀՀ առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյանը` քննարկելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւնները: Հանդիպումին, վարչապետին ընկերակցած […]

Սամցխէ-Ջաւախքի Գանձա Գիւղին Մէջ Կայացան Տէրեանի Պոէզիային Նուիրուած Ձեռնարկներ

Սամցխէ-Ջաւախքի Գանձա գիւղին մէջ, Յուլիս 21-ին, տեղի ունեցաւ հայ մեծ քնարերգու Վահան Տէրեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներ, որուն մասնակցեցաւ նաեւ վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեան։ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ տօնական օրուան ձեռնարկները սկսած են գիւղի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ (1859-ին կառուցած է Վահան Տէրեանի […]

Ռուսիան Հայաստանին Տրամադրած Է Վարկային Համաձայնագիրով Նախատեսուած Սպառազինութիւնը

Ռուսիան ամբողջութեամբ Հայաստանին տրամադրած է 200 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագիրներով նախատեսուած սպառազինութիւնը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Յուլիս 22-ին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան  նախարար Դաւիթ Տօնոյեան: […]

ՀՄԸՄ-ականները Այցելեցին Վազգէն Սարգսեանի Անուան Ռազմական Համալսարան

Յուլիս 22-ին,  համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումին մասնակից 650 սկաուտներ` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու՝ այցելեցին Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարան: Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ […]

«Արմէնպրես»-ի Մարզական Լրագրողը Նուաճած է Արարատ Լերան Գագաթը

«Արմէնպրես» լրատուական գործակալութեան մարզական լրագրող Վարվառա Հայրապետեան նուաճած է Արարատի գագաթը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ամիսներու բազմաչարչար պատրաստութիւնները իրենց վերջնարդիւնքին հասած են Յուլիս 18-ին, երազանք դարձած գագաթին հասնելով, որմէ երկու օր առաջ Վարվառան, […]

ՀՄԸՄ-ի Հիմնադիր Երրորդութեան Յուշաքանդակներու Բացում Երեւանի Մէջ

Յուլիս 21-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի կեդրոնին մուտքին կայացաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր երրորդութեան` Շաւարշ Քրիսեանի, Գրիգոր Յակոբեանի եւ Յովհաննէս Հինդլեանի յուշաքանդակներուն բացումը: Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ […]