Դաշնակցութիւնը Կանգնած Է Արցախի Կողքին. Մամլոյ Ասուլիս

ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան Յունուար 29-ին տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովը […]

Կոմիտասի 150-ամեակը Պիտի Նշուի Բազմաբովանդակ Ծրագիրներու Իրականացումով

Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակի առիթով պիտի իրականացուին համերգային ծրագիրներ, փառատօններ, ցուցահանդէսներ, գիտաժողովներ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ արտերկրի մէջ: Ըստ Armenpress.am-ի, Յունուար 29-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ՝  կազմակերպիչները ներկայացուցած են յոբելինական տարուան ընթացքին […]

ՊՆ-ն Թարմացուցած է ՀՀ Զինուած Ուժերու Մեքենաները

Համաձայն նախապէս եւ նոր կնքուած պայմանագրերու` կը շարունակուին զինուած ուժերու կարիքներուն համար սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու մատակարարման աշխատանքները: ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ մեքենաներու հերթական խմբաքանակը […]

ՀՀ ԱԳ Նախարարը կը Վերահաստատէ՝ ԼՂ Հիմնախնդիրը Պէտք է Լուծուի Բացառապէս Խաղաղ Ճանապարհով

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հարցով իր դիրքորոշումը չէ փոխած. ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի խօսքով` խնդիրը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Յունուար 29-ին, […]

Փետրուար 1-ին Պիտի Կայանայ Մերքել-Փաշինեան Հանդիպումը

Գերմանիոյ Դաշնութեան վարչապետ Անկելա Մերքել, Փետրուար 1-ին, պիտի ընդունի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ-ի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունէն՝ մէջբերելով Դաշնային կառավարութեան խօսնակ Շթեֆըն Զայպըրտի խօսքերը: «Դաշնութեան վարչապետ […]

Հայ-Ամերիկեան Բժշկական Առաքելութեան Աջակցութիւնը Աշտարակի Բժշկական Կեդրոնին

  Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի ջանքերով ստեղծուած Հայ-ամերիկեան բժշկական առաքելութիւն ծրագիրը, Յունուար 24-ին, Աշտարակի բժշկական կեդրոնին նուիրած է յատուկ սառնարան եւ գերժամանակակից ախտորոշիչ սարքաւորում: Այս մասին կը […]

Երեւանի Մէջ Նորարարութեան եւ Արհեստագիտութիւններու Զբօսավայրը Պիտի Կառուցուի

Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի Նորարարութեան եւ Արհեստագիտութիւններու առաջին տարածաշրջանային զբօսավայրը: Անիկա պիտի դառնայ ապագայի աշխատավայր աւելի քան 6000 առաջատար մասնագէտներու համար, որոնք պիտի նպաստեն տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները տնտեսութեան առաջատար ճիւղերու մէջ […]

Թիֆլիսի Մէջ ՀՀ Զինուած Ուժերու Կազմաւորման 27-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

ՀՀ Զինուած ուժերու կազմաւորման 27-ամեակին առիթով, Յունուար 28-ին, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան անձնակազմը՝ դեսպան Ռուբէն Սադոյեանի գլխաւորութեամբ՝ Վիրահայոց թեմի հոգեւոր դասի եւ թիֆլիսահայ համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեց Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ […]

Դաշնակցութեան Մեծ Ընտանիքը Ամուր Կանգնած Է Մեր Բանակի Կողքին. ՀՅԴ ԳՄ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը շնորհաւորէ Հայոց բանակի վերակազմաւորման 27-րդ տարեդարձը: Բանակ, որ կազմաւորման ընթացքին կերտեց նորագոյն պատմութեան մէջ յաղթական էջ՝ ազատագրելով Արցախը: Այս տարիներուն ընթացքին անիկա դարձած է պետական […]

Մահացած է ԱՍԱԼԱ-ի Ազատարմատիկ Վարուժան Կարապետեանը

Անսպասելիօրէն՝ սրտի կաթուածի հետեւանքով, կեանքէն հեռացաւ Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի՝ ԱՍԱԼԱ-ի ազատամարտիկ՝ Վարուժան Կարապետեան։ Վարուժան Կարապետեան ծնած է Մարտ 7-ին, 1954 թ․-ին, Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի մէջ։ 1983 թուականի Յուլիս […]