Արցախի Նախագահն ու ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը Քննարկած են Անվտանգութեան Ոլորտէն Ներս Փոխգործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Փետրուար 15-ին, ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին  քննարկուած են անվտանգութեան […]

Շըրմըն Կոչ Կ՛ընէ՝ Ցեղասպանութեան Բանաձեւերուն Դէմ Արգելքները Վերցնելու

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 13 Փետրուարին, Ներկայացուցիչներու տան մէջ տեղի ունեցած Վենեզուելլայի յատուկ պատուիրակ Էլիըթ Էպրըմզի հետ քննարկումի մը ընթացքին, քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն արծարծեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը […]

«Միտքերու Գագաթնաժողով»-ը Առաջին Անգամ Ըլլալով Պիտի Հիւրընկալուի Հայաստանի Մէջ

Ամէն տարի, Ֆրանսայի Շամոնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Միտքերու գագաթնաժողով»-ը (Summit of Minds), այս տարի՝ առաջին անգամ ըլլալով՝ պիտի կազմակերպուի Հայաստանի մէջ: Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Armenian Summit […]

Արցախցի Մարզիկները Ուշուի Միջազգային Առաջնութենէն Ոսկէ Մետալներով Վերադարձած են

ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ՝ արցախցի մարզիկները, Փետրուար 8-11, մասնակցած են Թիֆլիսի մէջ կայացած ուշուի միջազգային առաջնութեան եւ գրաւած մրցանակային տեղեր: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է ԱՀ […]

Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարը Աշխատանքային Այցելութեամբ կը Գտնուի Պոլիս

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ՝ մեկնած է Պոլիս: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան մամուլի վարչութենէն։ Նախարարը կը մասնակցի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւրոպական տարածաշրջանի […]

«Գիրք Նուիրելու Օր»ը Քարվաճառի Գրադարանի Ընթերցողները Նուէր Կը Ստանան Գրքեր

Արցախի Հանրապետութեան Շահումեանի շրջանի Քարվաճառ շրջկեդրոնի քաղաքային գրադարանը ունի 142 ընթերցող: Այս մասին՝ «Արարատ» հիմնադրամին կողմէ յատուկ «Ասպարէզ»-ին կը հաղորդէ Թամարա Գրիգորեան։ «Տարուան ընթացքին արձանագրուած գրեթէ բոլոր ընթերոցողները կ՝այցելեն գրադարան»,- […]

Հայաստան-Լիբանան Միջկառավարական Յանձնաժողովի Նիստը Կը Գումարուի Յառաջիկայ Ապրիլին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Լիբանանի կառավարութեան ղեկավար Սաատ Հարիրիի հետ: Փաշինեան շնորհաւորեց Հարիրին՝ Լիբանանի նոր կառավարութեան ձեւաւորման եւ վարչապետի պաշտօնին անոր  վերանշանակուելուն առիթով: Այս մասին կը […]

Մենք Կ՝ուզենք Մաքրոնի Ըսածներուն Մէջ Արցախի Ուղղութեամբ Բաց Դռներ Տեսնել. Մարլէն Մուրիէ

Բուրգ լէ Վալանսի քաղաքապետ Մարլէն Մուրիէն յարաբերական գոհունակութեամբ կը վերաբերի Փետրուար 5-ին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) ամենամեայ աւանդական ընթրիքի ժամանակ նախագահ Մաքրոնի կողմէ յստակացած դիրքորոշումներուն։ «Ապրիլ 24-ը Հայոց […]

Գերմանիոյ Ռայնլանտ-Փֆալց Երկրամասին Մէջ Սպիտակի Երկրաշարժի 30-ամեայ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկ Կազմակերպած են

Գերմանիոյ Ռայնլանտ-Փֆալց երկրամասի Կարմիր խաչի կեդրոնակայանին մէջ, Փետրուար 13-ին, տեղի ունեցած է 1988-ի երկրաշարժի 30-ամեայ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն։ Ձեռնարկին, […]

Հանրահռչակ Երաժիշտ եւ Արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեանի Այցելութիւնը Այնճար (լուսանկարներ)

Կազմակերպութեամբ համազգայինի Լիբանանի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին, այսօր՝ Հինգշաբթի 14 Փետրուար 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ Այնճար ժամանեց Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի արժէքաւոր զաւակ՝ մեծ երաժիշտ եւ արուեստագէտ Տիգրան […]