Category: Հայաստան
Նիկոլ Փաշինեան ԵԽԽՎ-ի Մէջ Ընդգծեց ԼՂ Հիմնահարցի Կարգաւորման Բանակցային Գործընթացին Մէջ Արցախի Վերադարձին Կարեւորութիւնը
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանի լիագումար նիստին ընթացքին, ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման բանակցութիւններու սեղան Արցախի վերադարձին կարեւորութիւնը: Ըստ Armenpress.am-ի` Փաշինեան նշեց, որ չի կրնար խնդիրը […]
«Ճանաչիր Քո Հայրենիքը» Ծրագիրին Նպատակն է Երիտասարդները Ծանօթացնել Պատմամշակութային Կոթողներուն. Տնօրէն
«Արարիչ» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ իրականացուող «Ճանաչիր քո հայրենիքը» ծրագիրի եօթներորդ փուլին ծիրէն ներս, այսօր, Արցախի Հանրապետութեան Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի 28 ուսանող՝ եռօրեայ այցով մեկնած է Մայր Հայաստան: Այս մասին կը […]
Այս Քայլով Իտալական Կողմը Վերահաստատեց Իր Հաւատարմութիւնը Համամարդկային Արժէքներուն․ Իտալիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպան
«Կ՛ողջունենք Ապրիլ 10-ին Իտալիոյ պատգամաւորներու պալատին կողմէ 382 կողմ, 43 ձեռնպահ, 0 դէմ ձայներով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ նախաձեռնութեան ընդունումը»,- յայտարարած է Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեանը` ելոյթ ունենալով […]
Ռուսական Ընկերութիւնը Հայաստանի Մէջ Triada ԱԹՍ-ներու Արտադրութիւն Պիտի Հիմնէ
Ռուսիոյ մէջ ADA Aerospace եւ Pro MA ընկերութիւնները Հայաստանի մէջ անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) համատեղ արտադրութիւն պիտի հիմնեն, այս մասին յայտնած է` «Ռիա Նովոսթի» գործակալութիւնը: Հայաստանի մէջ արտադրուելիք Triada ԱԹՍ-ները […]
Արսէն Յարութիւնեան` Եւրոպայի Ախոյեան
Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուխարեսթի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան 61 քկ․ դասակարգի եզրափակիչ փուլին հայաստանցի ընբիշ Արսէն Յարութիւնեան մրցեցաւ վրացի Պեկա Լոմթաձէի հետ եւ տպաւորիչ 17:11 հաշիւով յաղթեց: […]
Հայաստան եւ Փորթուկալ Յաջող Գործընկերներ Կրնան Ըլլալ. Արմէն Սարգսեան Հանդիպած է Փորթուկալի Նախագահին Հետ
Աշխատանքային այցով Փորթուկալ գտնուող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ապրիլ 9-ին հանդիպում ունեցած է երկրի նախագահ Մարսէլու Ռեբելու տէ Սոզայի հետ։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, […]
Արցախի ԱԳՆ-ն Մեկնաբանութիւն Տարածած է Մարաղայի Ջարդերուն 27-րդ Տարելիցի Առիթով
1992-ի Մարտ 10-ին երկարատեւ հրետակոծումէ ետք ատրպէյճանական զինուած կազմաւորումները ներխուժեցին Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Մարաղայ աւան: ԱԳՆ մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ` տեղի ինքնապաշտպանական ջոկատը կրցաւ տարհանել աւանի բնակիչներուն մեծ մասը, սակայն […]
«Հայաստանի Համար Նոր Օր Բացուած է»՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Երեկոյ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսէն Ներս
«Հայաստանի համար նոր օր բացուած է», յայտարարեց իր խօսքին մէջ քոնկրէսական Ճէքի Սփիր՝ ելոյթ ունենալով ԱՄՆ-ի Քոնկրէսին մէջ կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի երեկոյին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիակայի ձայնը»։ «Հայաստանի […]
«ՄԷՃԼԻՍԻ ՀԱՅԸ». ՀՀ ԱԺ Եզիտի Պատգամաւորը կը Դատապարտէ Փայլանի Նկատմամբ Հետապնդումները (տեսանիւթ)
«Մէճլիսի հայը» խորագիրով հարցազրոյցներու շարքին՝ Ermenihaber.am-ը զրուցած է ՀՀ Ազգային Ժողովի ազգային փոքրամասնութիւններէն եզտիական համայնքը ներկայացնող Ռուստամ Բաքոյեանի հետ։ Բաքոյեան ներկայացուցած է իր տեսակէտները Կարօ Փայլանի նկատմամբ թրքական իշխանութիւններուն վարած […]
Խաչատրեանի 15-րդ Միջազգային Մրցոյթին 12 Երկրի 30 Դաշնակահար Պիտի Մասնակցի
Մեծանուն երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի ծննդեան օրը, Յունիս 6-ին, Երեւանի մէջ սկիզբ առնող Խաչատրեանի 15-րդ միջազգային մրցոյթին պիտի մասնակցի աշխարհի 12 երկրի 30 երաժիշտ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն «Արամ Խաչատրեան-մրցոյթ» մշակութային հիմնադրամէն: […]










