Category: Հայաստան
Արցախը Հայ Երիտասարդութեան Անխոնջ Պայքարի Կիզակէտն է ու Պիտի Մնայ. Յայտարարութիւն ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի
Արցախի քառասունչորսօրեայ պատերազմին ընթացքին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւնները իրենց ամբողջ ներուժով նետուեցան Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան եւ օժանդակութեան սուրբ գործին։ Մարտական գործողութիւններու մասնակցելով, արտաքին-յարաբերական, տեղեկատուական-քարոզչական, մարդասիրական աշխատանքներու ճամբով՝ դաշնակցական երիտասարդները […]
Գերիներու Անյապաղ Վերադարձի Հարցը Ներկայացուեցաւ Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչին
Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան 23 Փետրուարին ընդունեց Հարաւային Կովկասի մէջ եւ ճգնաժամի հարցերու Վրաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյուօ Քլաարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական […]
ՀՅԴ ԱԵՄ-ը Արցախի Դրօշը Տեղակայած է Ասկերանի Հրասայլ-յուշարձանին Վրայ
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները Փետրուար 23-ին այցելած են Ասկերանի հրասայլ-յուշարձան եւ այնտեղ տեղակայած են Արցախի Հանրապետութեան դրօշը: Երիտասարդները ծաղիկներ խոնարհած են հրասայլ-յուշարձանին՝ ի յիշատակ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած կամաւորներու […]
Մենք Մեր Հողերը Պիտի Մշակենք, Ազրպէյճանցին Չի Կրնար Արգելք Ըլլալ Մեզի. Աղաւնոյի Համայնքապետ
Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ գիւղի բնակիչները կը փորձեն անցնիլ բնականոն առօրեայի, սակայն անոնց համար գլխաւոր խնդիրը կը շարունակէ մնալ գիւղի կարգավիճակին հարցը։ Այս մասին կը հաղորդէ 168.am՝ զրուցելով Աղաւնօ համայնքի […]
«Էրտողանը Կը Ձգտի Մեծ Թուրան Ստեղծելու». Հայ Քաղաքագէտը Հակադարձած է Լաւրովին
Ռուսիա բնակող հայ քաղաքագէտ Սերգէյ Կուրղինեան արձագանգած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի այն յայտարարութեան, թէ Թուրքիան չի փափաքիր ստեղծել Մեծ Թուրան, Անգարան պարզապէս աշխոյժ կերպով կը զարգացնէ իր […]
Հայաստանի Դրական Քայլերուն Ազրպէյճանի Հետ Միասին Դրական Կ՝արձագանգենք. Չաւուշօղլու
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Թուրքմենիստանի ԱԳ ղեկավար Ռաշիտ Մերետովի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին անդրադարձած է նաեւ Արցախի հարցով վերջին զարգացումներուն: ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։ Պատասխանելով այն […]
Գանատայի Հայոց Թեմը Կը Շարունակէ Արցախահայութեան Մարդասիրական Օժանդակութեան Ծրագիրը
Բարձր հովանաւորութեամբ Գերարաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, մարդասիրական օժանդակութիւնները կը շարունակուին՝ տեղահանուած Արցախահայութեան բարօր կեանքին համար։Առ այդ, համագործակցութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, Ազգային Առաջնորդարանը […]
Աւստրալիան Կը Սատարէ ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Գործընթացին Եւ Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրացման
Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Մարիս Փէյնը վերահաստատած է աւստրալիական կառավարութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի գործընթացին՝ ընդգծելով ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը, իբրեւ 2020-ի արիւնալի պատերազմէն ետք Ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջնական լուծումը […]
Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով՝ Քաղաքացիները Քայլերթ Կ՝իրականացնեն (ուղիղ)
«Հայրենիքի փրկութեան շարժման» նախաձեռնութեամբ՝ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով՝ Արամ Մանուկեանի արձանին մօտէն կ՝ընթանայ քաղաքացիական երթ: «Քաղաքացիներուն կը հորդորենք աշխոյժ կերպով մասնակցիլ բողոքի այս գործողութեան, որ նաեւ պէտք է համարժէք արձագանգ ըլլայ […]
Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը Գիւմրիի Մէջ Ճարտարագիտթեան Դասընթացք Հաստատեց
Հայ կրթական հիմնարկութեան եւ Գիւմրիի Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կենդրոնին միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը՝ ՀԱՊՀ-ի (Հայաստանի ազգային պոլիտեխնիկական համալսարան) հովանիին տակ գործող Գիւմրիի երկրորդական վարժարանին մէջ ճարտարագիտութեան անվճար կրթական ծրագիր մը իրականացնելու […]









