Category: Հայաստան
Վերջին Մէկ Ամիսը Յղութեան Վաղ Շրջանի Ընթացքին Պտուղի Կորուստներուն Ցուցանիշը Գրեթէ Երեք Անգամ Աճած է. ԱՀ Գլխաւոր Բժիշկ
Արցախի Հանրապետութեան մէջ յղիները զուրկ են կենսանիւթերով հարուստ մթերք ձեռք բերելու հնարաւորութենէն։ Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, Յուլիս 19-ին կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է Ստեփանակերտի Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման […]
ազրպէյճանը Շուրջ 3000 Քառակուսի Քիլոմեթր Տարածքի Վրայ Ստեղծած Է Ամենաբարդ Համակեդրոնացման Ճամբարը. ԱՀ ԱԺ Նախագահ
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը արդէն քանիերորդ անգամ միջազգային հանրութեան եւ միջկառավարական հիմնարկներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ ազրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ մարդու նկատմամբ աննախադէպ բռնութեան, մարդկութեան դէմ զանգուածային յանցագործութեան փաստերուն վրայ: Շուրջ […]
Հայաստանի Մէջ Արցախի Համաժողովրդական Շարժման Միացած «Մենք Արցախն Ենք» Նախաձեռնութիւնը Պիտի Այցելէ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց Հացադուլ Յայտարարած Մայրերուն
Հայաստանի մէջ Արցախի համաժողովրդական շարժման միացած «Մենք Արցախն ենք» նախաձեռնութիւնը Յուլիս 20-ին, ժամը 11:00-ին, պիտի այցելէ ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց հացադուլ յայտարարած մայրերուն: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ-ի մէջ Արցախի Հանրապետութեան […]
Անընդունելի Կը Համարենք շառլ Միշէլի Յայտարարութիւնը. Արցախի ՀԿ-ներ
Արցախի Հանրապետութեան հասարակական կազմակերպութիւնները տարածած են յայտարարութիւն, ուր կը նշուի. «Արցախի Հանրապետութեան հասարակական կազմակերպութիւնները կ՝ողջունեն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեն եւրոպական 470 ՀԿ-ներուն եւ միաւորումներուն, որոնք նամակ յղած են Եւրոպական միութեան […]
Առաջարկուող Ճանապարհը Դէպի Նոր Սումգայիթ Կը Տանի (լուսանկարներ)
Յուլիս 18-ին խումբ մը արցախցիներ Ասկերան քաղաքէն քայլերթով շարժած են դէպի Ակնա (Աղդամ) տանող ճանապարհ։ Ցոյցը կազմակերպուած է Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատին կողմէ՝ ի պատասխան Եւրոպական խորհուրդի նախագահ շառլ […]
Եւրոխորհրդարանի Յանձնաժողովը թուրքիային Կոչ Ըրած է Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը անգարային կոչ ըրած է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այս մասին նշուած է յանձնաժողովի` թուրքիոյ վերաբերեալ հաշուէտուութեան մէջ։ Տեղեկութիւնը կը յայտնէ ԵՄ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը։ Համաձայն նշեալ տեղեկութեան՝ […]
Այս Շաբաթավերջին Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Բանակումին Բացումը` Բիւրականի Մէջ
Այս շաբաթավերջին Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ տեղի կ’ունենայ համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումին բացումը` մասնակցութեամբ միութեան շրջանային եւ մեկուսի շրջաններէն 750 սկաուտներու: Բանակումին հիւրաբար կը մասնակցին Իրանի «Արարատ, «Սիփան» եւ «Նայիրի» […]
Արցախցիները Կանգնած Են Ֆիզիքական Ոչնչացման Առաջ. Արայիկ Յարութիւնեանը Նստացոյց Յայտարարեց (տեսանիւթ)
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը այսօր, Յուլիս 17-ին, յայտարարեց, որ նստացոյց պիտի սկսի։ Ան ըսաւ, որ կը միանայ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ նստացոյց ընողներուն։ Յարութիւնեան ըսաւ, որ այս ծայրայեղ քայլին […]
թրքական Մամուլը Անդրադարձած է Անիի Աւերակներուն՝ Նշելով Անիի Հայկական Ըլլալը
UNESCO համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին ներառուած միջնադարեան հայկական քաղաքամայր Անին դարձեալ յայտնուած է թրքական մամուլի ուշադրութեան կեդրոնը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով «Son Dakika» լրատուական կայքին մէջ հրապարակուած յօդուածը։ Նշեալ […]
F16-ը Մահ է․ Հայ Դատը Պատժամիջոցներ Կը Պահանջէ թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի Հանդէպ (տեսանիւթ)
ԱՄՆ վարչակազմին ու Քոնկրեսին մեր պատգամը յստակ է՝ պատժամիջոցներ կիրառել ազրպէյճանի հանդէպ եւ դադրեցնել զէնքի մատակարարումը: Այս մասին նշած է ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի մամուլի քարտուղար Էլիզապէթ Չուլճեան՝ «Առաջին լրատուական»-ի […]









