Category: Աշխարհ
Փութին Եւ Փաշինեան Կը Շեշտեն Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ Յարաբերութիւնները Աւելի Զարգացնելու Անհրաժեշտութիւնը
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Սեպտեմբեր 8-ին, Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Անոնք քննարկած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջագիծ, անդրադարձած են երկկողմանի […]
Փայլան Կոչ Ըրած է Թուրքիոյ Խորհրդարանին Ուսումնասիրելու 1955-ին Թուրքիոյ Մէջ Քրիստոնեաներու Դէմ Զանգուածային Յարձակումները
Թուրքիոյ ընդդիմադիր ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան կոչ ըրած է խորհրդարանին քննելու 1955-ի Սեպտեմբեր 6-7-ին Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներու դէմ զանգուածային յարձակումներու, կողոպուտի ու սպանութեան դէպքերը: Ինչպէս կը հաղրդէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով Demokrathaber.org կայքը, հայ պատգամաւորը շեշտած է, որ թէեւ Սեպտեմբեր 6-7-ի դէպքերէն անցած է 63 տարի` պետութիւնը […]
Թուրքիա Կը Հերքէ Նախիջեւանի Մէջ Ռազմական Խարիսխ Մը Հաստատելու Մասին Լուրը
Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի նախագահութեան բարձրաստիճան դէմքերէն Իսմայիլ Հաքքը Փեքին, անդրադառնալով Նախիջեւանի մէջ ռազմական խարիսխ մը հաստատելու մասին «Սէօզճիւ» թերթի լրատուութեան՝ յայտարարեց, թէ Նախիջեւանիմէջ թրքական ռազմակայան մը հաստատելու անհրաժեշտութիւն չկայ։ Այս մասին կը հաղորդէ “Մարմարա”-ն։ Ըստ իրեն, Նախիջեւանի մէջ արդէն կը գտնուի Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու զօրախումբ մը, եւ Թուրքիան արդէն իսկ անհրաժեշտ աջակցութիւնը ցոյց կու տայ այդ զօրախումբին։ «Հոն […]
Սիլվա Իշխանեան՝ Հալէպի Պետական Համալսարանի Բժշկագիտութեան Բաժինի Տնօրէն
Սուրիահայ բժշկուհի Սիլվա Իշխանեան նշանակուած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Հալէպի Պետական համալսարանի Բժշկագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն: Այս մասին կը հաղորդէ “Հայերն այսօր”-ը։
Հայ Դատը Հետաքննութիւն Կը Պահանջէ՝ Իսրայէլէն Ատրպէյճան Արտածուող Զէնքերու Հարցով
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, որ պաշտօնական հետաքննութիւն բանայ Իսրայէլէն Ատրպէյճան կատարուած հաւանական ապօրինի արտածումներուն հարցով, որոնք կրնան կապ ունենալ 2017-ի Յուլիսին՝ իսրայէլեան […]
Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Մտաւորականին Թուրքիան Ներառած է Վտանգաւոր Յանցագործներու Ցուցակին Մէջ
Թրքական «Belge» հրատարակչութեան հիմնադիր-տնօրէն, «Özgür Gündem» լրատուամիջոցի սիւնակագիր յայտնի իրաւապաշտպան, մտաւորական Ռագըփ Զարաքօլու Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ներառուած է հետախուզման մէջ գտնուող առաւել վտանգաւոր յանցագործներու ցանկին` «կարմիր ցուցակ»-ին մէջ: Այս որոշումը […]
Հայաստան Ներգրաւուած է Բրիտանական Խորհուրդի Creative Spark Ծրագրին Մէջ
Creative Spark («Ստեղծարար միտք») խորագիրով ծրագրի իրականացման ծիրէն ներս Սեպտեմբեր 4-ին փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրեցին Բրիտանական խորհուրդի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Արեւիկ Սարիբէկեան, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան եւ Մշակոյթի նախարար […]
Վանի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Պատարագին Պիտի Մասնակցի Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարը
Սեպտեմբեր 9-ին երեք տարուան ընդմիջումէն ետք Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ կրկին պատարագ պիտի մատուցուի: Պատարագին պիտի մասնակցին Թուրքիոյ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաններ, որոնց շարքին` Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուրի Էրսոյը, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը: Նախարար Էրսոյի մասնակցութիւնը Հայ առաքելական […]
«Ռուսիան Սուրիոյ Մէջ Վերջնական Նպատակներու Հարցով Տարակարծիք Է Թուրքիոյ Եւ Իրանի Հետ» Ըսաւ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց. «Ռուսիան Սուրիոյ մէջ վերջնական նպատակներու հարցով տարակարծիք է Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ, սակայն երեք երկիրներն ալ կ՛ուզեն վերջ տալ պատերազմին»: «Ասթանայի ձեւաչափին մէջ […]
Հոլանտայէն Արտաքսուող Հայ Երեխաներուն Հայաստան Պատրաստ Է Պատշաճ Խնամք Ապահովել
Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան գաղթականական պետական ծառայութիւնը տեղեակ է Հոլանտայէն երկու հայ երեխաներու՝ 13-ամեայ Յովիկին եւ 12-ամեայ Լիլիին արտաքսելու որոշման մասին: Երեխաներու մայրը՝ Արմինէ Համբարձումեան աւելի կանուխ արտաքսուած […]










