Category: Աշխարհ
Քիմ Քարտաշեան իր «SKIMS» Արտադրութիւնը Հայաստան Բերելու Մեծ Ծրագիրներ Ունի
Քիմ Քարտաշեանի այցը Հայաստան զարմանալի նորութիւններ կը խոստանայ, քանի որ, ինչպէս ան կը նշէ, ունի մեծ ծրագիրներ: Ան չէ բացառած ապագային Հայաստանի մէջ իր «SKIMS» ապրանքանիշի արտադրութեամբ աշխատատեղեր բանալու հեռանկարը: […]
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Յառաջիկային Պիտի Այցելեն Հայաստան Եւ Ազրպէյճան
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները` Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Իկոր Փոփով, Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Սթեֆան Վիսքոնթի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Էնտրիւ Շոֆըր, յառաջիկային պիտի այցելեն Հայաստան եւ Ազրպէյճան: Այս մասին անոնք հաղորդեցին 25 սեպտեմբերին` […]
Իտալիոյ Ծերակոյտը Վաւերացուց Հայաստան – ԵՄ Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը
Իտալիոյ Ծերակոյտը 242 թեր եւ 2 ձեռնպահ ձայներով վաւերացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այս լուրը հաղորդած է Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը: «Յոյսով ենք, որ շուտով անիկա պիտի […]
Թուրքիան Կը Շարունակէ Անվտանգութեան Լուրջ Սպառնալիք Մնալ Հայ Ժողովուրդին Համար. Նիկոլ Փաշինեան
Թուրքիան կը շարունակէ մնալ անվտանգութեան լուրջ սպառնալիք հայ ժողովուրդին համար, որ արդէն մէկ անգամ եղած է ցեղասպանութեան զոհ եւ ականատեսն է պատմական ճշմարտութեան ժխտման եւ կատաղի դիմադրութեան: ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վերաժողովի […]
Մահացած է Ժաք Շիրաքը
87 տարեկանին մահացած է Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժաք Շիրաքը: Ան Ֆրանսան ղեկավարած է 1995-էն 2007 թուականները: Ժաք Շիրաք տարբեր տարիներու եղած է նաեւ Ֆրանսայի վարչապետ եւ Փարիզի քաղաքապետ: 2000-ական թուականներու […]
Կարօ Փայլան Կը Հակազդէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Նոր Կանոնագիրի Պայմաններուն
Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութիւնը պատրիարքութիւն հասած է 23 Սեպտեմբեր 2019-ին: 1961, 1990 եւ 1998 թուակիր պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութիւնները բնական թեկնածու ներկայանալու եւ պատրիարք ընտրուելու կարելիութիւն կու տար այն հոգեւորականներուն, […]
Պայմաններ Ստեղծել Խաղաղ Գործընթացի Մէջ Յառաջընթացի Համար. Փաշինեանը ՄԱԿ-ի Ամպիոնէն Կոչով Դիմած է Ալիեւին
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը առանցքային նշանակութիւն ունի տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան համար: Այս մասին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի 74-րդ նստաշրջանին ունեցած ելոյթին ընթացքին, ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Իմ պաշտօնավարման […]
Միշիկընի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախաձեռնութեամբ.- Հանդիպում-Ներկայացում Ցեղասպանութեան Ուսուցման Օրէնքի Մասին
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20-ին, Միշիկընի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ հանդիպում-ներկայացում, Միշիկընի Ցեղասպանութեան ուսուցման օրէնքի յառաջընթացին մասին, որ հաստատուած էր 2016-ին: Օրէնքին համաձայն 8-էն 12-րդ դասարանի աշակերտներուն պէտք է դասաւանդուի […]
Արցախի Ազգային Ժողովէն Ներս Ընդունած են Աւստրալիոյ Խորհրդարանականները
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Սեպտեմբեր 25-ին, ընդունած է Աւստրալիոյ դաշնային եւ նահանգային խորհրդարաններու պատգամաւորներ Ճոն Ալեքսանդրը եւ Հիւ Մաք-Տերմոթը, որոնք Արցախ կը գտնուին Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ […]
Նորա Արիսեան` Սուրիոյ Սահմանադրական Յանձնախումբի Անդամ
Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, պատմաբան, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ եւ «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքի խմբագիր դոկտ. Նորա Արիսեան մաս կազմեց Սուրիոյ Սահմանադրական յանձնախումբին: Վկայակոչելով սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան հաղորդած լուրը՝ «Ազդակ» կը հաղորդէ, […]









