Ապտակ Թուրքիոյ Երեսին. Էրտողան Կը Հակազդէ. «Տեղ Պիտի Չտանք Հայերուն եւ Յոյներուն»

Եր­կու­շաբ­թի՝ 11 ­Մա­յի­սին, ­Յու­նաս­տա­նի, ­Կիպ­րո­սի, Ե­գիպ­տո­սի, Ֆ­րան­սա­յի եւ Ա­րա­բա­կան ­Միա­ցեալ է­մի­րու­թիւն­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը միա­ցեալ յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը դա­տա­պար­տե­ցին ­Թուր­քիոյ յար­ձա­կո­ղա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը Ա­րե­ւե­լեան ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի մէջ, յատ­կա­պէս ­Կիպ­րո­սի հո­րատ­ման ծո­վա­յին գօ­տի­նե­րուն վրայ […]

Hurriyet-ը Անդրադարձած է Պոլսահայ Նշանաւոր Feminist Գրող Զապէլ Եսայեանին

Թրքական «Hurriyet» թերթի կայքի սիւնակագիր Պահար Չուհատարը անդրադարձած է պոլսահայ նշանաւոր feminist գրող, թարգմանիչ, հրապարակախօս, գրականագէտ Զապէլ Եսայեանի կենսագրութեան պատկերներով Պոլսոյ մէջ բեմադրուող «Զապէլ» ներկայացման։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կ՝իմանայ Ermenihaber.am-էն։ […]

Աւելի Քան 100 Տարի Անցած է, Սակայն Այդ Սուրը Ոչ Մէկ Կերպ Վար Դրուած է. «Ակօս»

Պոլսահայ «Ակօս» թերթը անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին աղմկայարոյց արտայայտութեան։ Էրտողանը՝ խօսելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մասին՝ նշած էր, որ Թուրքիոյ մէջ կան «սուրի աւելցուկ» ահաբեկիչներ, որոնց թոյլ պիտի […]

Աֆէեանի Ընկերութեան Պատրաստած Պատուաստանիւթը Հետազօտման 2-րդ Փուլին Անցնելու Արտօնութիւն Ստացած է

ԱՄՆ սնունդի եւ դեղորայքի վերահսկողութեան գերատեսչութիւնը (FDA) թոյլատրած է ամերիկահայ գործարար Մուպար Աֆէեանի Moderna Therapeutics ընկերութեան անցնիլ իր պատուաստանիւթի հետազօտման երկրորդ փուլին: Ան շուտով պիտի մեկնարկէ: MRNA-1273 պատուաստանիւթը առաջինն է, որ ստացած է թոյլտւութիւն ամերիկեան […]

Թրամփ Փաթրիք Յովակիմեանը Առաջադրած է Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէնի Գրասենեակի Գլխաւոր Խորհրդականի Պաշտօնին

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ազգային հետախուզութեան տնօրէնի գրասենեակի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնին համար առաջադրած է Փաթրիք Յովակիմեանի թեկնածութիւնը։ Այս մասին “Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ News.am-էն։ Նշենք, որ ներկայիս Յովակիմեան կը զբաղեցնէ գլխաւոր […]

Կարօ Փայլան Խիստ Յանդիմանած է Էրտողանը՝ Անոր Վերջին Աղմկայարոյց Արտայայտութեան Պատճառով

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութենէն (HDP-ԺԴԿ) ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին աղմկայարոյց արտայայտութեան։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։ Էրտողանը, խօսելով […]

Պոլսոյ Մէջ Թարգմանուած եւ Հրատարակուած է Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը» Ժողովածուն

1915թ․ Ապրիլ 24-ին ձերբակալուած եւ մահուան ուղարկուած արեւմտահայ մեծանուն գրողներղն մէկուն՝ Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են թրքերէն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։ Պոլսահայ «Արաս» հրատարակչութիւնը՝ Օհաննէս Շաշկալի  թարգմանութեամբ՝ հրատարակած […]

ԵԱՀԿ-ի Մէջ Տարածուած է Արցախի ԱԳՆ Պատրաստած Փաստաթուղթը՝ Ատրպէյճանի Կողմէ Իրականացուած «Օղակ» Գործողութեան Մասին

ԵԱՀԿ-ի մէջ տարածուած է Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ պատրաստած փաստաթուղթը՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի սահմանամերձ գիւղերու հայ ազգաբնակչութեան դէմ իրականացուած «Օղակ» գործողութեան 29-րդ տարելիցին կապակցութեամբ, որ նախապէս հրապարակուած էր ԱԳՆ կայքէջին մէջ […]

Հայաստանը Գրանցած է Freedom House-ի Զեկոյցի Պատմութեան Մէջ Ժողովրդավարացման Ամենաբարձր Ցուցանիշը

«Freedom House» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը յետխորհրդային երկիրներու ժողովրդավարութեան բարելաւման վերաբերեալ իր զեկոյցին մէջ բարձր գնահատած է Հայաստանի վերջին երկու տարիներու ձեռքբերումները այս ոլորտէն ներս: ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։ Ամերիկեան հանրայայտ իրաւապաշպան կազմակերպութիւնը […]

Մինեսոթայի Ծերակոյտի Անդամ Մերի Քիֆմեյըր Արցախի Անկախութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Հեղինակած է

Մինեսոթայի Ծերակոյտի անդամ Մերի Քիֆմեյըր հեղինակած է Արցախի անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ամերիկայի հայկական համագումարէն: «Բանաձեւը ողջունելի եւ կարեւոր խորհրդանշական ժեստ է, որ կ՝ընդունի եւ […]