Category: Աշխարհ
Միտումնաւոր Կերպով Աչք Կը Փակուի Սթանոզի Հայկական Գերեզմանոցը Աւերելուն Վրայ. Մուրատ Մըհչը
Անգարայի Սինճան շրջանի Եէնիքենթ թաղամասի «Զիր հովիտ» կոչուող վայրին մէջ գտնուող նախկին հայաբնակ յայտնի Սթանոզ գիւղի գերեզմանատունը մէկ անգամ եւս աւերուած է գանձագողերու կողմէն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։ […]
Հայ Զինուորներ Պիտի Մասնակցին «Միջազգային Բանակային Խաղեր-2020» Մրցումներուն
23 Օգոստոս – 5 Սեպտեմբեր տեղի ունենալիք «Միջազգային բանակային խաղեր-2020» ձեռնարկներու ծիրէն ներս՝ Ռուսիոյ եւ Պելառուսիոյ մէջ տեղի ունեցող մրցումներուն մասնակցելու նպատակով՝ Մոսկուա մեկնած են Հայաստանի զինուած ուժերու հաւաքական խումբերը: […]
Սեւրի Դաշնագիրը Ստորագրած Պետութիւններու Երիտասարդական Քաղաքական Կազմակերպութիւնները Կոչ Կ՛ուղղեն Թուրքիոյ՝ Հայ Ժողովուրդին Հատուցում Տալու
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան 100-ամեակին առիթով նախաձեռնեց դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններու ընկերվարական երիտասարդական միութիւններու հետ հետեւեալ յայտարարութեան հրապարակման. «Միացեալ յայտարարութիւն՝ նուիրուած Սեւրի դաշնագիրի 100-ամեակին «Սեւրի դաշնագիրը կը հանդիսանայ […]
Պոլսոյ Սուրբ Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ Նշուած է Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը
Պոլսոյ Ֆերիքիօ թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Վարդանանց հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի օր, Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով, պատարագ մատուցուած է եւ կատարուած է Խաղողօրհնէքի արարողութիւն։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով […]
Ահազանգ. Սուրիոյ Հասիչէ Քաղաքին Մէջ Մէկ Միլիոն Մարդու Կեանքը Վտանգի Մէջ է
Facebook-ի արաբական էջերէն մէկը ահազանգ հնչեցուցած է, ուր մասնաւորապէս կ’ըսուի,- «Կոչ կ’ուղղենք մարդասիրական միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կապ ունին զարգացած աշխարհի հետ, բոլոր անոնց, որոնց համար մարդկութիւնը կարեւոր […]
Ուքրանիոյ Քրոփիւնիցքիի Մէջ Կառուցուելիք Հայկական Եկեղեցին Սրբադասուած Շուշանիկ Թագուհիի Անունով Պիտի Կոչուի
Ուքրանիոյ մարզի Քրոփիւնիցքի մարզական կեդրոնէն ներս կառուցուելիք հայկական եկեղեցին պիտի անուանակոչուի սրբադասուած Շուշանիկ թագուհիի անունով: «Աշխատանքային հանդիպումի ընթացքին վանքի մանրակերտի մանրամասնութիւնները քննարկած են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ թեմի առաջնորդ Մարկոս […]
Հալէպի Մէջ Պսակաձեւ Ժահրը Այսօր Խլեց 6 Բժիշկի Կեանք, Երկուքը՝ Հայ
Այսօր՝ Ուրբաթ, 14 Օգոստոս 2020-ին, Հալէպ հրաժեշտ տուաւ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 6 բժիշկ-դեղագործներու, որոնցմէ երկուքը հայ՝ տոքթ․ Ժան Հատտատ եւ դեղագործ Ժոզէֆ Պաղտասար։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը՝ վկայակոչելով «Խապար» […]
Մենք Պիտի Շարունակենք Տնտեսական Վերելքի Մեր Ուղին. ՀՀ Վարչապետ
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վստահ է, որ «քորոնա» ժահր համավարակի աւարտէն ետք, Հայաստանը պիտի շարունակէ տնտեսական վերելքի ուղին: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, վարչապետը ըսած է BBC-ի HARDtalk հաղորդման ընթացքին: «2019 […]
Այժմեան Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղին Մէջ Սբ․ Աստուածածինի Տօնին Պատարագ Պիտի Մատուցէ Կ․ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը
Այժմեան Թուրքիոյ միակ հայկական Վաքըֆ գիւղին մէջ, ամէն տարի, Օգոստոսի երկրորդ Կիրակի օրը, կը նշուի Սուրբ Մայր Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Վաքըֆի Մայր Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի պատարագ, որմէ ետք […]
Ֆրանսան Ժամանակաւորապէս Պիտի Ամրապնդէ Միջերկրականի Մէջ Իր Զինուորական Ներկայութիւնը. Մաքրոն
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ իր երկիրը` գործակցաբար եւրոպացի գործընկերներու հետ, ներառեալ Յունաստանը ժամանակաւորապէս պիտի աւելցնէ Միջերկրական ծովուն մէջ իր ներկայութիւնը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազդակ»-էն։ Մաքրոն Յունաստանի […]










