Category: Աշխարհ
Սուրիոյ Մէջ Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը 812-ի Հասաւ
Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութեան տուեալներով Երեքշաբթի, 7 Փետրուարի առաւօտեան երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասաւ 812-ի, վիրաւորներունը՝ 1449-ի։ Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Համայի մէջ երէկ գիշեր մինչեւ առաւօտ միջին ուժգնութեամբ յետ-ցնցումները շարունակուեցան, իսկ առաւօտեան […]
Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիոյ Մէջ Երկրաշարժին Յառաջացուցած Մարդկային եւ Նիւթական Վնասներուն
Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2023-ին, ամբողջ օրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրիոյ հայ համայնքի հոգեւոր ու աշխարհական պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապի մէջ եղաւ՝ մօտէն հետեւելով երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն ու աւերներուն։ […]
պաքուն Չէ Հրաժարած Արցախի Ժողովուրդը Պատմական Բնակութեան Տարածքին Վրայ Բնաջնջելու Քաղաքականութենէն. ԱՀ ԱԳՆ
Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Արցախի մէջ կազամատակարարման հերթական խափանման վերաբերեալ․ «2023 թ․ Փետրուար 6-ին ազրպէյճանը՝ Արցախի շրջափակումէն ի վեր արդէն վեցերորդ անգամ փակած է Հայաստան-Արցախ միակ կազատարը։ […]
Մեր Զօրակցութիւնը Կը Հայտնենք Սուրիահայ Մեր Քոյրերուն եւ Եղբայրներուն․ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւն
Այսօր առաւօտեան տեղեկացանք ուժեղ երկրաշարժի հետեւանքով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած մարդկային զոհերուն եւ աւերածութիւններուն մասին։ Մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին եւ մեր զօրակցութիւնը՝ սուրիահայ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն։
Կարեւոր Է Ե՛ւ 3 Միլիոնը, Ե՛ւ 120 Հազարը, Ե՛ւ Մէկ Հայը՝ Ըլլան Անոնք ՀՀ-ի, Արցախի, Սուրիոյ, Թէ Առհասարակ՝ Հայկական Աշխարհի Մէջ. Վարդանեան
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան կը գրէ. «Աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Թուրքիոյ մէջ կան բազմաթիւ մարդկային զոհեր, նաեւ հայութեան մէջ: Կը ցաւակցիմ ողբերգական աղէտի բոլոր զոհերու ընտանիքներուն […]
Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Մէջ Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը 1959-ի Հասած է
Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանին վրայ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով՝ զոհերուն թիւը հասած է 1959-ի։ Այսպէս՝ Թուրքիոյ մէջ, ըստ վերջին տուեալներու, զոհուած է 1498 մարդ, իսկ Սուրիոյ մէջ՝ 461։
Երկրաշարժի Պատճառով Սուրիոյ Մէջ Զոհերուն Թիւը Կը Հասնի 403-ի, Իսկ Վիրաւորներունը՝ 1284-ի
Սուրիոյ երկրաշարժներու ազգային կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Ռաէտ Ահմատ յայտնեց, որ այսօր առաւօտեան երկրաշարժէն ետք 25 յետցնցումներ արձանագրուեցան։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»-էն։ Սուրիոյ առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ յետմիջօրէի ժամը 4։00-ի […]
Փութին Փրկարարներու Խմբակներ Կ՝ուղղարկէ Սուրիա
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ այսօր ընդունեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի առաջարկած մարդասիրական օժանդակութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդին։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»-ը։ Փութին Ասատի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ շեշտեց, որ Ռուսիոյ Արտակարգ Դրութեանց […]
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ Արցախի Շրջափակումը ազրպէյճանի Կողմէ
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը կըդատապարտէ Արցախի շրջափակումը ազրպէյճանի կողմէ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման 53-րդ օրը Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը տարածեց յայտարարութիւն մը, որուն հայերէն եւ յունարէն տարբերակները կու […]
Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Երկրաշարժին Հետեւանքով Զոհուած է Մէկ Հայ, Աւերուած Են Եկեղեցիներ
Այժմեան Թուրքիոյ Քահրամանմարաշ նահանգին մէջ 7.4 աստիճան հզօրութեամբ երկրաշարժին հետեւանքով՝ նախնական տուեալներով՝ զոհուած է մէկ հայ, կան նաեւ նիւթական կորուստներ։ Աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով Թուրքիոյ հայաբնակ հատուածներուն մէջ զոհերուն եւ կորուստներուն […]










