Category: Սփիւռք
Ապրիլ 24-ը Սոսկ Նահատակներու Ոգեկոչումի Օր Չէ, Այլ Մեր Պահանջատիրական Կամքը Առաւել Ամրացնելու Կոչ Է․ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի մէջ, Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան […]
Սողոմոն Թեհլիրեանի Ազգականները Արժէքաւոր Նիւթեր Յանձնած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկին
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ հիւրընկալուած էին Սողոմոն Թեհլիրեանի հօրեղբօր որդիի՝ Սամուէլի թոռնուհիները` Արփի Օսկանեան եւ Անոյշ Օսկանեան-Օհանեան, որոնք իրենց ընտանեկան մասունքները` Սողոմոն Թեհլիրեանի անտիպ օրագրութիւնն ու ինը լուսանկար, յանձնեցին Հայոց […]
ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կազմակերպութեամբ՝ Մոմավառութիւն
Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Լաւալի Ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Մոնթրէալի «Լեւոն Շանթ» եւ Լաւալի «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերուն կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին նուիրուած մոմավառութիւն, […]
Հալէպահայութիւնը Միասնական Շարքերով, Ժողովրդային Ջահերթով Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ Տարելիցը (նկարներ)
Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի ոգեկոչական ձեռնարկներուն մեկնարկը կատարուեցաւ ժողովրդային ջահերթով։ Արդարեւ, Կիրակի, 21 Ապրիլին, հալէպահայութիւնը միասնական շարքերով, ժողովրդային ջահերթով ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը եւ մէկէ աւելի սերունդներ, յատկապէս երիտասարդական […]
Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի Ոգեկոչման Քաղաքական Ելոյթը Աթէնքի Մէջ (Նկարներ)
Հայութիւնը խուռներամ շարքերով վերահաստատեց իր կամքը Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Աթէնքի մարզպետարանի համակազմակերպութեամբ, Կիրակի, 21 Ապրիլ 2024-ի առաւօտեան, ժողովուրդի աննախընթաց ներկայութեամբ, նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը, Աթէնքի երաժշտանոցի շքեղ […]
Սուրիոյ եւ Հայաստանի Մէջ Երաժշտական Ոլորտին Առնչուող Փոխըմբռնումի Յուշագիր Ստորագրուեցաւ
«Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը` ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» համագումարը, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ին, ընթացք առաւ Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի […]
Մեր Դատը Անժամանցելի է, Մեր Պայքարի Ոգին՝ Անկոտրում
Կոչ — հրաւէրհամայն յունահայութեան Ապրիլ, 2024Սիրելի հայրենակիցներ,Ապրիլ 24-ի նախօրեակին ենք, երբ աշխարհասփիւռ հայութեան հետ, որպէս Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդներ՝ կը նշենք հայ ազգին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան 109-ամեակը։ Մեր ազգին դէմ 109 […]
Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Պալատը Յարգանքի Տուրք Մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին
Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատը Ապրիլ 18-ին մէկ րոպէ լռութամբ յարգած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը՝ խոստանալով պայքարիլ յանուն աշխարհի մը, ուր կը տիրեն խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը, եւ ուր անցեալի վայրագութիւնները երբեք […]
Չեխիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Նուիրուած Յիշատակի եւ Ոգեկոչման Ձեռնարկներ Պիտի Կազմակերպուին
Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին առիթով՝ Ապրիլ 19- 27 Փրակայի երեք տարբեր թատերասրահներու մէջ պիտի ցուցադրուի բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած Իննա Սահակեանի «Աւրորայի լուսաբացը» ֆիլմը՝ անգլերէն ենթագրերով։ Ձեռնարկը, ըստorer.eu-ի, կազմակերպած է Չեխիոյ […]
Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Տեղի Ունենալիք Կարեւոր Ձեռնարկներ
– Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Թռչնոց բոյն»-ի հաստատման 100-ամեակին նուիրուած, «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հայ որբերը» հատորին շնորհահանդէսը եւ քննարկում տեղի պիտի ունենայ «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ, Ժիպէյլ: – Ուրբաթ, 19 Ապրիլ […]









