Համահայկական Օրակարգերու Խորհրդակցութիւն-Քննարկում` Լիբանանահայ Համայնքի Հասարակական Եւ Գործարար Անձնաւորութիւններու Հետ

Լիբանանահայ գաղութի  հաստատութիւններու եւ միութենական շրջանակներու հետ կայացած հանդիպումներու շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ճանաչողական հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ հասարակական եւ գործարարական  մարզերու մէջ յայտնի կարգ մը ծանօթ […]

Գարեգին Բ Կաթողիկոս Սուրբ Պատարագ Մատուցած է Կրէտէի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ 350-ամեայ Եկեղեցւոյ Մէջ

Կրէտէ (Յունաստան) հովուապետական այցին երկրորդ օրը` Մայիս 5-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցած է  Հերակլիոնի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ մէջ: Հայ համայնքը Ամենայն […]

Հայոց Ցեղասպանութեան Պահանջատիրութեան Նուիրուած Համագաղութային Քննարկում Կլենտէյլի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 26 Ապրիլի երեկոյեան, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պահանջատիրութեան նուիրուած համագաղութային քննարկում մը՝ «Պահանջներ, հատուցում […]

Սուրիոյ Մէջ Մարդասիրական Առաքելութեան Հայ Սակրաւորները 25 հազար 290 քմ Տարածք Ականազերծած Են

 Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող հայ մասնագէտներու խումբի սակրաւորները Փետրուար 19-էն Մայիս 2 տեխնիկական հետազօտութեան եւ մաքրման աշխատանքներու ժամանակ 25 հազար 290 քմ տարածք ականազերծած են: Այս մասին […]

Հալէպի Համազգայինի «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» Պարախումբերը Նոր Ոճով ու Գոյնով Ներկայացան Հանդիսատեսին

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Սարդարապատ եւ Շուշի Պարարուեստի Յանձնախումբին, Շաբաթ եւ Կիրակի 27 եւ 28 Ապրիլ 2019-ի […]

Հայկական Խաչքարերու Ցուցադրութիւն՝ Իռլանտայի Գլխաւոր Տաճարին Մէջ

Իռլանտայի մայրաքաղաք Տուպլինի Մայր տաճարին մէջ, որ յայտնի է նաեւ Սուրբ Երրորդութեան տաճար անուանումով, բացուած է հայկական խաչքարերուն նուիրուած լուսնկարչական ցուցահանդէս, որ պիտի տեւէ ամբողջ Մայիս ամսուան ընթացքին։ Ըստ CatholicIreland.net կայքին՝ ցուցահանդէսը […]

Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութիւնը Կրնայ 5-6 Ամիս Տեւել

Տարբեր տեղեկութիւններու համաձայն՝ հաւանական է, որ Պոլսոյ նահանգապետարանէն պատրիարքի ընտրութիւններու արտօնութիւնը տրուի մէկ շաբթուան ընթացքին: Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժինի խմբագրապետ Բագրատ Էսդուգեան News.am-ին յայտնած է, որ 25 Ապրիլին, Պոլսոյ […]

«Հայ Գաղթականները Յունաստանի Մէջ 1922-1940» Թեմայով Լուսանկարչական Ցուցահանդէս Յունաստանի Մէջ

«Հայ գաղթականները Յունաստանի մէջ 1922-1940» թեմայով պատմական-վաւերագրական լուսանկարներու ցուցադրութիւն մը կազմակերպուած է Յունաստանի Նէա Զմիռնիի թանգարանին մէջ։ Ցուցադրութեան բացումը պիտի կայանայ Երկուշաբթի, 6 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին եւ պիտի […]

ANCA-ն Տասնեակ Ամերիկեան Կազմակերպութիւններու Հետ Կանխած է Յայտնի Լրատուամիջոցներու Մէջ Ցեղասպանութիւնը Հերքելու Նիւթերու Հրապարակումը

Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը (Արեւելեան եւ արեւմտեան շրջանները ներառեալ), համագործակցելով ցեղասպանութիւններու ճանաչման, կանխման համար պայքարող, ինչպէս նաեւ փաստաբանական եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու հետ, իրականացուցած է յաջող արշաւ մը, որով աւելի քան 120 յայտնի լրատուամիջոցներու(ԱՄՆ բոլոր 50 նահանգներու մէջ) կոչ ըրած է զերոյական հանդուրժողականութեան քաղաքականութիւն վարել առհասարակ մարդկայնութեան դէմ զանգուածային բնաջնջումներու ու յանցագործութիւններու եւ մասնաւորապէս Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստը հերքելու դէմ: Ինչպէս կը յայտնէ Asbarez-ը, արշաւի մասնակիցները նամակներով դիմած են լրատուամիջոցներուն, անոնց խմբագրակազմերուն՝ կոչ ընելով […]

Փայլան՝ Էրտողանին. «Արխիւս մեծ մայրս՝ Սիրանոյշն է»

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներուժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր ԿարօՓայլան դարձեալ անդրադարձաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ ԹայիփԷրտողանի կողմէ Ապրիլ 24-ին կատարուած հակահայ եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող նորագոյն յայտարարութեան, որուն մէջ Էրտողան Հայաստանին եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներուն արխիւները բանալու կոչ ուղղած էր: «Էրտողան ըսաւ. «Իրականութիւնը փնտռելու վայրը արխիւներն են»: Անատոլիոյ մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ արխիւ է, փաստաթուղթ է: Իմ փաստաթուղթն ալ՝ արխիւս մեծ մայրս՝ Սիրանոյշն է: […]