Category: Սփիւռք
«Կեանքը Եւ Վէպի Ընդգրկումները» Խորագրով Միջազգային Գիտաժողով
Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական Պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի, Վաչէ Պարտիզունու անուան հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի եւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կենտրոնի կազմակերպութեամբ, Մայիսի 27-ին կայացաւ «Կեանքը եւ վէպի ընդգրկումները. […]
Յուշ Երեկոյ՝ Նուիրուած Արցախեան Պատերազմին Զոհուած Գէորգ Հաճեանի 50-ամեակին
Յունիս 11-ին, ժամը 16։00-ին, Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին մէջ պիտի կայանայ յուշ երեկոյ՝ նուիրուած Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած տաղանդաշատ երգիչ Գէորգ Հաճեանի 50-ամեակին։ Նշենք, որ ձեռնարկը կը կայանայ Երեւանի Կոմիտասի անուան […]
Կոչ Կ՛ուղղենք Միջազգային Համայնքին Դատապարտելու Արցախի Հայկական Բնիկ Մշակութային Ժառանգութիւնը Ջնջելու Ազրպէյճանի Արարքները. Համազգային
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան 1 Յունիս 2021-ի յղած նամակը հետեւեալ միջազգային կազմակերպութիւններուն. UNESCO, ICOMOS, Global Heritage Fund, World Monuments Fund, ICCROM, Europa Nostra, Blueshield International, Getty Conservation Institude, International Council on […]
Թուրքիոյ 1-ին Մասնագէտ Բռնցքամարտիկ Կարպիս Զաքարեանի Յիշատակին Նուիրուած Ցուցահանդէս
Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ, Յունիս 3-ին, բացուած է Թուրքիոյ 1-ին մասնագէտ բռնցքամարտիկ, «Երկաթէ բռունցք» ծածկանունով յայտնի Կարպիս Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէս։ Հանրութեան ներկայացուած են Զաքարեանի լուսանկարներն ու իրերը: Այս մասին […]
Սփիւռքը Իր Գործօն Մասնակցութիւնը Պէտք է Ունենայ Հայաստանի եւ Արցախի Զարգացման Հարցին Մէջ․ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
«Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի մէջ ձեւաւորուի թէ օրէնսդիր, թէ գործադիր իշխանութիւններ, որոնք իսկապէս կը վերադարձնեն Հայաստանի համար ազգային գաղափարախօսութիւնը, կը հզօրացնեն Հայկական բանակը, կը ստեղծեն Հայաստանի մէջ զարգացման հնարաւորութիւններ, լուրջ […]
Մահացած է Սփիւռքահայ Գրող, Հրապարակախօս Թորոս Թորանեանը
Կեանքէն հեռացած է գրող, հրապարակախօս, արձակագիր, հասարակական գործիչ, բժիշկ Թորոս Թորանեանը: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան՝ յիշեցնելով, որ Թորանեանը միութեան անդամ էր եւ վերջին տարիներուն […]
Կիլիկիոյ Թագաւորութեան Նուիրուած Առցանց Քննարկում
Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին՝ Ուրբաթ, 11 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան նուիրուած առցանց քննարկում մը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ […]
Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» Երկհատորեակի Ներկայացում Երեւանի Մէջ
Կազմակերպութեամբ «Զանգակ» հրատարակչատան եւ հեղինակին ներկայութեան, Ուրբաթ, 21 Մայիս 2021-ին, Երեւանի «Զանգակ» գրատան մէջ տեղի ունեցած է շնորհահանդէսը բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն անդին» խորագրեալ նորատիպ երկհատորեակին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը […]
Նեւատայի Նահանգապետը Ստորագրեց Ցեղասպանութիւններու Նիւթին Մասին Դասաւանդումի Օրէնքը
Նեւատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նեւատայի նահանգապետ Սթիւըն Սիսոլաք 31 Մայիսին ստորագրեց ցեղասպանութիւններու նիւթին մասին դասաւանդումը նահանգին երկրորդական վարժարաններուն մէջ պարտադիր դարձնող օրէնքը։ Դասաւանդուող նիւթին մէջ պիտի ներառուի […]
Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը Պաքուի Դէմ Պատժամիջոցներ Կը Պահանջէ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարները դատապարտեցին Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզին մէջ ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումը՝ պահանջելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանատուութեան ենթարկէ Ալիեւի վարչակազմը […]










