Category: Սփիւռք
ՔՈԱՖ-ի Տարեկան 18-րդ Դրամահաւաքի Ձեռնակը 8.4 Միլիոն Տոլար Գոյացուց
Շաբաթ, 11 Դեկտեմբերի երեկոյեան, առցանց տեղի ունեցաւ «Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամի (ՔՈԱՖ, COAF) տարեկան 18-րդ դրամահաւաքի ձեռնակը, որուն ընթացքին կարելի եղաւ 8.4 միլիոն տոլար գոյացնել։ «Հայրենիքի կանչով» խորագիրին տակ տեղի […]
Հայ Դատը Հայոց Ցեղասպանութեան Շարունակութիւնը Կասեցնելու Կոչ Կ՛ընէ Ուաշինկթընին
Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւններուն հասցէագրուած նամակով մը Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ քաղաքականութիւնը յստակօրէն փոխելու կոչ ըրաւ նախագահ Պայտընի վարչակարգին եւ շեշտեց Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի ու […]
Կարօ Փայլան Հարցագիրով Դիմեց Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարին
«Ակօս»ի այս շաբաթուայ թիւին մէջ հրատարակուած յօդուած մը յստակօրէն կը նկարագրէ Թուրքիոյ քրիստոնէական պատմամշակութային արժէքներու հանդէպ պետութեան մերձեցումները։ Արդարեւ 100 տարուայ հասնող պատմութեան մը ընթացքին երկրի մէջ պետական կամ շրջանային […]
Վազգէն Դաւիթեանի Ուսումասիրութիւնը Ստացաւ Հայագիտական Լաւագոյն Աւարտաճարի Մրցանակը
Ֆրեզնոյի Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ 2017-2020-ի միջեւ հայագիտական նիւթով լաւագոյն աւարտաճարի մրցանակը յանձնեց դոկտ․ Վազգէն Խաչիկ Դաւիթեանին, որուն ուսումնասիրութիւնը նուիրուած է Պոլսոյ պանթուխտ բեռնակիրներու տիպարի ներկայացման (The […]
Սրբապատկերներու Օծում` Այնճարի Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 28 Նոյեմբեր 2021-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ ս. պատարագ մատուցեց, քարոզեց եւ սրբապատկերներու օծումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեանը: […]
Արա Օշականի Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը՝ Կլենտէյլի «Թիւֆէնքեան» Ցուցադրասրահին Մէջ
«Թիւֆէնքեան» գեղարուեստի ցուցադրասրահին մէջ, Շաբաթ, 8 Յունուարի երեկոյեան ժամը 6-9 տեղի պիտի ունենայ How the World Might Be խորագրուած Արա Օշականի լուսանկարչական ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը եւ Օշականի ու գրող Գրիգոր […]
Անգամ Մը Եւս… Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Մասնակցութիւնը` «Պէյրութ Չենց» Փառատօնին
«Ազդակ» Երկուշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ կաթողիկէ Սուրբ Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Պէյրութ Չենց» փառատօնի ծննդեան համերգներէն մէկը` վերնագրուած «Արմինիըն քորտըզ», կատարողութեամբ Համազգայինի […]
Ցեղասպանութեան Զոհերու Միջազգային Օրուան Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ՝ Յունաստանի Մէջ
Համակազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Յունաստանի Համապոնտական միութեան, Հինգշաբթի՝ 9 Դեկտեմբեր 2021-ին, Աթէնքի «Փարնասոս» շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ելոյթ մը նուիրուած Ցեղասպանութեան զոհերու միջազգային օրուան։ Յատկապէս […]
Ձեր Աթոռին 110 Տարի Առաջ Հայ Նստած Էր. Փայլանը՝ Չաւուշօղլուին
Քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութենէն (HDP-ԺԴԿ) ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսած է այդ երկրին մէջ տիրող ազգայնականութեան, խտրականութեան, հարեւաններու նկատմամբ եղած թշնամանքի մասին: Այս մասին կը հաղորդէ […]
«Նուիրի՛ր Ուրախ Ամանոր Արցախի Փոքրիկներին»․ ՀՅԴ ԱԵՄ-ի Նախաձեռնութիւնը
ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած է «Նուիրի՛ր ուրախ Ամանոր Արցախի փոքրիկներին» ծրագիրը։ ՀՅԴ ԱԵՄ-ը ԱՀ սահմանամերձ համայնքներու երեխաններուն համար կ՝իրականացնէ ամանորեայ նուէրներու հաւաքագրում՝ նպատակ ունենալով մանուկներուն հետաքրքրական եւ […]










