Category: Սփիւռք
ՀՀ Իշխանութիւնը Անգամ Եթէ Հարիւրապատկէ Իր Բռնաճնշումներն ու Ապօրինի Գործողութիւններուն Ուժգնութիւնը՝ Պիտի Բախի Դաշնակցական Երիտասարդութեան Համոզումի Հազարապատիկ Ամրացման․ Յայտարարութիւն
ՀՀ յանցաւոր իշխանութիւններուն հակադաշնակցական պայքարը կը շարունակէ թիրախաւորել Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւնը Առանց որեւէ պատճառաբանութեան՝ այս անգամ Հայաստան մուտք գործելու իրաւունքէն կը զրկուի Ֆրանսայի «Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ […]
Աշխարհը Ե՞րբ Պիտի Հասկնայ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կը Շարունակուի Նաեւ Այսօր. Բողոքի Ցոյց Լոս ԱնՃելըսի Մէջ (տեսանիւթ, լուսանկարներ)
Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը Յունուար 29-ին երթով Դաշնային շէնքէն շարժած է դէպի ազրպէյճանի հիւպատոսութիւն՝ իրազեկելու Արցախի շրջափակման մասին, ինչպէս նաեւ դատապարտելու ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններուն ֆինանսաւորումը: «Լռութիւնը համաձայնութիւն […]
Թեհրանի Մէջ Զօրակցութեան Համահաւաք՝ Ի Պաշտպանութիւն Արցախի եւ Արցախահայութեան (լուսանկարներ)
Այսօր, Յունուար 27-ին, Թեհրանի Սուրբ Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համահաւաք՝ ի զօրակցութիւն Արցախի եւ արցախահայութեան՝ հազարաւոր իրանահայերու մասնակցութեամբ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԱԼԻՔ»-էն։ Հանրահաւաքին ընթացքին ելոյթ ունեցան […]
Այսօր Արցախի Միջազգային Ճանաչումը Անհրաժեշտութիւն է․ Մուրատ Փափազեան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան «Երկիր Մեդիա»-ի ուղիղ տեսակապով մանրամասներ ներկայացուցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մագրոնի հետ Յունուար 23-ին Ելիսէյեան պալատին մէջ տեղի ունեցած […]
Սփիւռքը Արցախի Կողքին է. Աշխարհասփիւռ Հայութեան Աջակցութեան Քրոնիկոնը (լուսանկարներ)
46 օր է, որ Արցախը յայտնուած է շրջափակման մէջ՝ զրկուելով Հայաստանի հետ միակ կապէն: Թշնամիին ահաբեկչական գործողութիւններուն պատճառով՝ Արցախը զրկուած է կազէն, մթերային եւ բժշկական մատակարարումներէն, քաղաքացիներուն համար յառաջացած են […]
Հայ Դատի Գանատայի Յանձնախումբին Յայտարարութիւնը Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովին Կողմէ Արցախի Շրջափակման Լսումներուն Վերաբերեալ
Յունուար 25-ին, Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը գումարեց երկու առանձին նիստ՝ նուիրուած ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակուող շրջափակմանը։ Արցախի մասին իրազեկման հանդիպումները կազմակերպուեցան, երբ անցեալ շաբաթ ընդդիմադիր Պլոք Քեպէգուա կուսակցութեան […]
Կանխեցէ´ք Հերթական Ցեղասպանութիւնը. Թիֆլիսի Մէջ Ցոյց՝ Ի Պաշտպանութիւն Շրջափակուած Արցախի (տեսանիւթ, լուսանկարներ)
Վրաստանի Հայ Համայնք կազմակերպութեան երիտասարդական միութեան անդամները Վրաստանի մայրաքաղաքին մէջ ցոյց իրականացուցած են՝ ի պաշտպանութիւն շրջափակուած Արցախի։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։ Ցոյցին ծիրէն ներս՝ Թիֆլիսի մէջ փակցուած է խոշոր […]
Լիբանանահայերը Բողոքի Ցոյց Իրականացուցին Ընդդէմ ազրպէյճանի (տեսանիւթ)
Լիբանանահայութիւնը այսօր իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախին եւ բուռն կերպով դատապարտեց ազրպէյճանի ահաբեկչական պետութեան ցեղասպանական քաղաքականութիւնը: Արցախեան ազատամարտի բոլոր հանգրուաններուն լիբանանահայութիւնը ո՛չ միայն զօրակցած է, այլ նաեւ մասնակցած է Արցախի անկախութեան […]
Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Հրդեհ Բռնկած է. Կան Զոհեր (լուսանկար)
Յունուար 23-ին, ժամը 21։45-ի սահմաններուն, Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հայկական կաթոլիկ եկեղեցւոյ կացարանային հատուածին մէջ հրդեհ բռնկած է։ Հրշէջ-փրկարարները մարած են կրակը, սակայն որոնողափրկարարական աշխատանքներուն ընթացքին յայտնաբերած են 2 մարդու դիակ։ […]
Դադրեցնել ազրպէյճանի Ցեղասպանական Շրջափակումը Արցախի Դէմ. Պուէնոս Այրէսի Հայութեան Բողոքի Ցոյցը (լուսանկարներ)
Պուէնոս Այրէսի հայ համայնքը Յունուար 23-ին ցոյց կազմակերպած է Պուէնոս Այրէսի Օպելիսգի մօտ՝ ցոյց տալու ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան պաշարումը եւ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն Լաչինի շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ […]









