Արամ Ա. Վեհափառն ու Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Գանատայի Վարչապետին Հետ Քննարկեցին Արցախի Շրջափակման Հարցը

6 Յունիսին Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա. Վեհափառը Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի հետ արծարծեց Արցախի հարցը։ Միաժամանակ քննարկուեցան Հայաստան-Գանատա համագործակցութեան ծիրն ու Միջին […]

Արցախը Կանգուն Պիտի Մնայ, Արցախցիի Ոգին՝ Անկոտրում․ «Վրաստանի Հայ Համայնք»

Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատան մօտ մեր վերջին հաւաքը 2020թ. Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ էր, երբ թիֆլիսահայութեան հարիւրաւոր ներկայացուցիչներ Արցախի կողքին էին՝ կ՝իրականացնէին աջակցող տարբեր ձեռնարկներ: Մենք բոլորս մինչեւ վերջ կը […]

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Անսակարկելի է. Արամ Ա. Վեհափառ (տեսանիւթ)

Յունիս 5-ին «Հորիզոն»-ի հետ կայացած հարցազրոյցի ընթացքին- Արամ Վեհափառ անդրադարձաւ Սփիւռքի գաղթօճախներուն առաջնահերթութիւնները վերակազմակերպելուն մասին, եւ՝ պատմութեան ճակատագրորոշ մեր հանգրուանին՝ Արցախեան ճակատի պատնէշները ամուր ու կազմակուռ պահելու մասին։ https://www.youtube.com/watch?v=88MwLpp06Lw&ab_channel=HorizonWeeklyTVhttps://www.youtube.com/watch?v=88MwLpp06Lw&ab_channel=HorizonWeeklyTV

Արցախն Ուրանալը Դաւաճանութիւն է. ՀՅԴ ԳԵՄ

Յունիս 1-ին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) անդամներ պաստառներ զետեղեցին Օթթաուայի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց, որոնց վրայ արձանագրուած էին ՀՀ իշխանութիւններու անձնատուողական քաղաքական ընթացքը դատապարտող պատգամներ, «Արցախն ուրանալը դաւաճանութիւն է»։ […]

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Նախագահութեամբ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ ու Միջ-եկեղեցական Աղօթք Lաւալի Bon Pasteur Եկեղեցւոյ Մէջ

Շաբաթ, 3 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ ձեռամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի։Վեհափառ […]

«Հաւատք, Յոյս, Սէր» Մեր Կեանքին Նշանաբանը Պէտք է Ըլլայ․ Արամ Ա․ Կաթողիկոս

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը Մոնթրէալի մէջ սկիզբ առաւ 1 Յունիս, 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին։ Միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասերէ կազմուած հայրապետական թափօրը, Հ.Մ.Ը.Մ. «ԿԱՄՔ» մասնաճիւղի […]

Արցախը Հայկական Տարածք է եւ Չի Կրնար Մաս Կազմել ազրպէյճանին․ Պուլկարահայ Համայնքային Խորհուրդ

Վերջին շրջանին Արցախը ազրպէյճանի կազմին պատկանելու գծով կատարուող յայտարարութիւնները միայն զայրոյթ եւ կտրուկ մերժում կ՝առաջացնեն Պուլկարահայ համայնքային խորհուրդին մօտ: Կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի եւ Արցախի ճակատագրով մտահոգ Սփիւռքի եւ հայրենի մեր […]

Վարչապետ Փաշինեանի Յայտարարութիւնը Ոչ Միայն Կ՚արհամարհէ Արցախի Ժողովուրդին Կամքը, Այլեւ Կ՚անտեսէ Անոր Հիմնարար Իրաւունքները․Յայտարարութիւնը

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCC-Armenian National Committee of Canada) յատուկ հաղորդագրութեամբ մը իր խոր հիասթափութիւնն ու մերժումը կը յատնէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութեան առնչութեամբ՝ Արցախի Հանրապետութիւնը (Լեռնային Ղարաբաղը) […]

Գոհաբանական Մաղթանք եւ Դրօշակի Օրհնութիւն՝ Նիւ Եորքի Մէջ

Կիրակի, Մայիս 28-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան գոհաբանական մաղթանք եւ դրօշակի օրհնութիւն տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, առաջին անկախութեան 105-ամեակին առիթով, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան […]