Ռոպերթ Քոչարեանի Մամուլի Ասուլիսը Տեղի Չունեցաւ

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի մամուլի ասուլիսը, որ նախատեսուած էր ժամը 12:00-ին, տեղի չունեցաւ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։ Ինչպէս քիչ առաջ հաղորդած էինք՝ ասուլիսի մեկնարկէն առաջ, Ռոպերթ Քոչարեանի […]

Բողոքի Մասնակցողները Ներխուժած են Այն Սրահը, Ուր Պիտի Կայանայ Ռոպերթ Քոչարեանի Ասուլիսը

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորումը վերացնելու որոշումին դէմ բողոքի ցոյցին մասնակցողները, «Էրեբունի Պլազա» հիւրայնոցին մէջ ներխուժած են մամուլի ասուլիսի այն սրահը, ուր պիտի կայանայ Ռոպերթ Քոչարեանի ասուլիսը: Ըստ […]

Բակօ Սահակեան Ընդունած է ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Վազգէն Յակուբեանը եւ ՀԱՀ Փոխնախագահ Աշոտ Ղազարեանը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Օգոստոս 13-ին, ընդունած է Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի նախագահ Վազգէն Յակուբեանը եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի (ՀԱՀ) փոխնախագահ Աշոտ Ղազարեանը: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի […]

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Աշխատանքային Այցելութեամբ Արցախ Մեկնած է

Հայկական երկու հանրապետութիւններու զինուած ուժերու  փոխադարձ գործակցութեան ծիրէն ներս, Օգոստոս 13-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Արցախ: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան […]

Նախիջեւանեան Ուղղութեամբ Ատրպէյճանական Ուժերու Վերադիրքաւորման Փորձերը Ամէն Կերպով Պիտի Կանխուին. ՀՀ ԱԳՆ

Հայկական կողմը ատրպէյճանական կողմին հանրային եւ այլ խողովակներով յայտնած է, որ Նախիջեւանի ուղղութեամբ վերադիրքաւորման փորձերը անընդունելի են եւ ամէն կերպով պիտի կանխուին: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, այսօր կայացած ճեպազրոյցի մը […]

Ռոպերթ Քոչարեան Ազատ Արձակուեցաւ․ Վերաքննիչ Դատարանը Բաւարարեց Պաշտպաններու Բողոքը

ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանի կողմէ բաւարարուեցաւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու առաջին ատեանի դատարանի որոշման դէմ պաշտպաններու բողոքը։  Լրագրողներուն այս մասին յայտնեց Ռոպերթ Քոչարեանի […]

Մհեր Մարգարեանը` ՄԱԿ-ի Մէջ Հայաստանի Մշտական Ներկայացուցիչ

Նախագահի հրամանով` Մհեր Մարգարեանը նշանակուած է Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ: «Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտի. «Մհեր ՄԱՐԳԱՐԵԱՆը նշանակել Միաւորուած […]

Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցին Հնարաւոր է Ընդգրկուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մշտական Ցանկին Մէջ

Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցին հնարաւոր է ընդգրկուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան մշտական ցանկին մէջ: Թրքական «Անատոլու» կայքը յօդուած հրապարակած է Աղթամարի մասին` նշելով, որ  տարեկան հազարաւոր տեղացի եւ […]

Նախիջեւանեան Ուղղութեամբ Ատրպէյճանական Սադրանքներուն Հայկական Կողմը Երէկ Պատասխանած է Կրակով. ՀՀ ՊՆ Խօսնակ

Նախիջեւանեան ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ սադրանքները: «Նախիջեւանեան ուղղութեամբ ատրպէյճանական սադրանքներուն հայկական զինուած ուժերը երէկ պատասխանած են կրակով։ Իբրեւ արդիւնք՝ չենք բացառեր ատրպէյճանական զինուժի որեւէ կորուստ»,- դիմատետրի իր էջին վրայ գրած […]

Երեք Զոհուած Զինծառայողի Ընտանիք եւ Մէկ Հաշմանդամ Զինծառայող կը Փոխհատուցուի

ՀՀ Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամի հաշիւներու եւ պարտաւորութիւններու կառավարման յանձնաժողովը, 2018 Օգոստոս 6-ին, որոշում կայացուցած է՝ սահմանուած կարգով կատարելու հատուցումներ 3 զոհուած զինծառայողի ընտանիքներուն եւ մէկ 2-րդ խումբի հաշմանդամ զինծառայողի: 1000plus.am […]