Ոչ Եւս է ՄԱԿ-ի Նախկին Ընդհանուր Քարտուղար Քոֆի Անան

Օգոստոս 18-ին մահացած է ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար, Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակակիր Քոֆի Անան: 80 տարեկան դիւանագէտը կը գտնուէր Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Ան առաջին սեւամորթ ափրիկեցին էր, որ […]

Հայ Դատի Յանձնախմբի Պատուիրակութիւնը Հանդիպած է Գանատայի Փոքր Գործարարութեան եւ Արտահանման Խթանման Նախարարին Հետ

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը հանդիպած է երկրի փոքր գործարարութեան եւ արտահանման խթանման նախարար Մարի Նկանի հետ: Հայ Դատի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ յանձնախումբի պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են Շահէն Միրաքեան, Սեւակ […]

Հիասքանչ Բնութիւնը Կը Հանդիպի 3000-ամեայ Մշակոյթի Պատմութեան. Գերմանական Reise-Stories-ի Յօդուածը Հայաստանի Մասին

Գերմանական Reise-Stories ճամբորդական կայքէջը Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ յօդուած հրապարակած է Հայաստանի վերաբերեալ` «Հայաստան – հիասքանչ բնութիւնը կը հանդիպի 3000-ամեայ մշակոյթի պատմութեան» վերնագիրով:  «Արմենփրես»-ը կը ներկայացնէ յօդուածի հակիրճ թարգմանութիւնը: […]

UNESCO-ն Համշէնահայերէնը Ներառած է Անհետացող Լեզուներու Ցանկին Մէջ

«UNESCO»-ի հրապարակած «Անհետացող լեզուներու քարտէս»-ին համաձայն` Թուրքիոյ մէջ 11 լեզու անհետացման եզրին է, իսկ 3 լեզու` վաղուց արդէն մեռած: Այդ լեզուներու ցանկին մէջ են` Տրապիզոնի մէջ միայն տարեցներու կողմէ խօսուող […]

Չինական Psearcher Թերթը Հայաստանի Մասին Յատուկ Թիւ Մը Պատրաստած է

Չինաստանի մէջ լոյս տեսնող Psearcher (Փիսրչըր) պարբերականի յատուկ թիւը այս անգամ Հայաստանի մասին է: «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին հրատարակչութեան հանրային կապերու ղեկավար Վանգ Մինգմէին նշած, որ «Հայաստան` դարպաս դէպի խոշոր շուկաներ» խորագիրով թիւը ստեղծուած է […]

Հայաստանցիներ Թուրքիոյ Մէջ Մասնակցած Են Զինիի Կոտորածը Դատապարտող Ձեռնարկին

Պոլսոյ «Վերադարձ» հիմնարկի եւ «Նուբար» աւանդական երգի-պարի խումբի ներկայացուցիչներ, Օգոստոս 5-12-ի միջեւ Արեւմտեան Հայաստան կատարած ուխտագնացութեան ընթացքին, Քըլիճքայա (նախկին Սուր Վահան) գիւղին մէջ մասնակցեցան Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իրականացուած Զինիի կոտորածի […]

Աւստրալիոյ Ծերակոյտի Անդամը Ցեղասպանութեան Ուրացման Ընդդիմանալու Կոչ Կ՛ընէ

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ նոյն երկրին Ծերակոյտի անդամներէն Էրիք Ապեց, Օգոստոս 16ին ունեցած ելոյթի մը ընթացքին շեշտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով, որ իրենց նախահայրերը հարիւր […]

Մերգել-Էրտողան Հեռաձայնային Զրոյցը Լայն Արձագանգ Գտած է Գերմանական Մամուլի Մէջ

Օգոստոս 15-ին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերգելը ունեցած են հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկած են երկու երկիրներուն, տարածաշրջանին, մասնաւորապէս Սուրիոյ վերաբերող շարք մը հարցեր: Այս մասին […]

Թուրքիան Պէտք Չէ Խաղայ Թրամփի Վճռականութեան Հետ. ԱՄՆ Փոխնախագահ

Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները կը շարունակեն լարուած մնալ Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած ամերիկացի հոգեւորական Էնտրիւ Պրանսընի պատճառով։ Վերջինս կը մեղադրուի լրտեսութեան եւ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող կառոյցներու հետ կապ ունենալու մէջ։ Թեմային շուրջ, […]

Ուրֆայի Հայկական Պատմական Եկեղեցին Կործանման Եզրին է (լուսանկարներ)

Այժմեան Թուրքիոյ Շանլըուրֆա (Ուրֆա) նահանգի Գերմուշ գիւղի հայկական Սուրբ Աստուածածին պատմական եկեղեցին ոչնչացման եզրին է։ Հակառակ անոր, որ եկեղեցին յայտարարուած է «զբօսաշրջական գօտի», այնուամենայնիւ, որեւէ վերակառուցման աշխատանքներ մինչ օրս չեն իրականացուած: […]