Category: Աշխարհ
Ճեզիրէի Մէջ Ստեղծուած Զգայուն Կացութեան Գծով Խորհրդակցութիւն` Արամ Ա., Աֆրամ Բ. Եւ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Հոգեւոր Պետերուն Միջեւ
Չորեքշաբթի, 29 օգոստոս 2018-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին, Աֆրամ Բ. եւ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքներուն միջեւ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Ճեզիրէ շրջանին մէջ, յատկապէս համայնքային դպրոցներու գծով ստեղծուած դժուարութիւններու […]
Վանի Հայկական Եկեղեցիին Կից Գերեզմանոցը Թուրքերը Վերածած են Ժամանցային Վայրի
Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ կից հայկական գերեզմանոցը վերածուած է ժամանցային վայրի, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը: Թէեւ կղզիին մէջ կան անվտանգութեան աշխատակիցներ, այնուամենայնիւ, զբօսաշրջիկները կը քալեն գերեզմանոցի մէջէն, կը զբօսնին […]
Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը Ընդունած է Թուրքիոյ Կառավարութեան Մէջ Ներդրումները Արգիլող Բանաձեւը
Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի 1597-րդ բանաձեւը, որով կ՛արգիլուի Թուրքիոյ կառավարութեան հետ կապ ուեցող ընկերութիւններուն մէջ ներդրումներ ընելը, ընդունուած է Կալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտին կողմէ 36-0 ձայներու յարաբերակցութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի հայ […]
ՀՀ Ոստիկանութիւնը Յայտնաբերած եւ Ձերբակալած է ԱՄՆ-ի Կողմէ Հետախուզուող Թուրքը
Ոստիկանութեան կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան ծառայողները Օգոստոս 29-ին, համագործակցելով Հայաստանի մէջ Ինթըրփոլի ազգային կեդրոնական բիւրոյի ծառայողներու հետ, Երեւանի մէջ յայտնաբերեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իրաւապահներու կողմէ հետախուզուող, ազգութեամբ թուրք […]
Գերմանացիները Կը Ցանկան «Թումօ» Ունենալ
Գերմանիոյ թուային արհեստագիտութիւններու պետական նախարար Տորոթէա Պերը յայտարարած է, որ հայկական «Թումօ»-ի նման կեդրոն բացուի նաեւ Գերմանիոյ մէջ: Այս մասին՝ ըստ “Երկիրմեդիա”-ի՝ կ՛ըսուի է Reuters գործակալութեան յօդուածին մէջ, որ նուիրուած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի այցին […]
Յոյներու Եւ Հայերու Սպանդներուն Նուիրուած՝ «1922» Ֆիլմին Ցուցադրութիւնը
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայկական ֆիլմի ընկերակցութիւնը, համագործակցութեամբ «Ապրիլ» գրատան, իր յաջորդ ձեռնարկը պիտի իրականացնէ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին։ Այս ձեռնարկին ընթացքին պիտի ցուցադրուի Նիքոս Քուտուրոսի բեմադրած «1922» ֆիլմը, որ արտադրուած […]
Արցախի Դիրքերը Ռմբակոծած Իսրայէլեան Ընկերութիւնը Կրնայ Ամբաստանուիլ
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29-ին, Իսրայէլի պետական դատախազութիւնը յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի պահանջով՝ անօդաչու թռչող սարքերով Արցախի մէջ հայկական դիրքեր ռմբակոծած իսրայէլեան «Aeronautics Defense Systems» ընկերութեան ներկայացուցիչները հաւանաբար պաշտօնապէս պիտի ամբաստանուին՝ այդ մասին […]
Վանի Աղթամար Կղզիի Սբ. Խաչ Եկեղեցին Պատարագի կը Պատրաստուի
Վան նահանգի Գեւաշի շրջանին մէջ կը շարունակուին Աղթամար կղզիի հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ Սեպտեմբեր 9-ին մատուցուելիք պատարագի պատրաստութիւնները: Երեք տարուան դադարէն ետք՝ եկեղեցին կրկին պիտի բանայ իր դռները հաւատացեալ հոտին առջեւ։ Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ […]
Գերմանիոյ Մէջ Կը կազմաքանդեն Էրտողանի Ոսկեայ Արձանը
Գերմանական Վիսպատեն քաղաքի իշխանութիւնները Օգոստոս 28-ին որոշած են կազմաքանդել արուեստներու փառատօնի ծիրէն ներս տեղադրուած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ թայիփ էրտողանի չորս մեթրանոց ոսկեայ արձանը; Պատճառը «անվտանգութեան երաշխիքներու» բացակայութիւնն է: Քաղաքի ոստիկանութիւնը պիտի զբաղի արձանի կազմաքանդումով, որ պէտք է աւարտի Չորեքշաբթի առաւօտեան, կը հաղսրդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով Deutsche Welle-ը: Երեքշաբթի երեկոյեան արձանի կողքին բանաւոր վէճեր սկսած էին Էրտողանի կողմնակիցներու եւ հակառակորդներու միջեւ: Ոստիկանութիւնը յայտարարած էր […]
Էրտողան Որոշած է Վանայ Լիճի Ափին Նախագահական Պալատ Կառուցել
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Մանազկերտի ճակատամարտի յաղթանակի օրուան նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին յայտնած է, որ որոշած է Վանայ լիճի ափին գտնուող Խլաթ քաղաքին մէջ նախագահական պալատ կառուցել: Ըստ News.am-ի՝ վկայակոչելով […]










