Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ Յանձնախումբը Զեկոյց Ներկայացուցած է Արցախի Հարցով Խորհրդարանական Հետաքննութեան Հարթակին

Օրեր առաջ Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ ձեւաւորուած՝ Արցախի հարցով խորհրդարանական հետաքննութեան հարթակի երրորդ նիստին ընթացքին զեկոյց ներկայացուցած է Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբը՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով քննութեան առարկայ հարցերու իրաւական եւ […]

Սումգայիթի Կոտորածի Զոհերու Հոգիներու Խաղաղութեան Համար Հոգեհանգստեան Կարգ Կատարուեցաւ

Փետրուար 27-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ՝ Հանգստեան ժամերգութեան աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ ի յիշատակ 1988թ. ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած սումգայիթեան […]

Արեւմտահայերէնը Կը Փրկուի Եթէ Հաւաքական Կամեցողութիւն Ցոյց Տանք․ Համբիկ Պիլալեան

Գիրք Նուիրելու Եւ Մայրենի Լեզուին Օրուան Առիթով ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «5էն 7րդ դարերում հայ ժողովուրդը ծնել է աւելի քան 300 գրող, որոնք գրել են աւելի քան 17 հազար գիրք»: Տարի մը […]

Ձեռնարկ՝ Նուիրուած Պոլսահայ Գրող, «Մարմարա» Թերթի Երկարամեայ Խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի Ծննդեան 100-ամեակին

Փետրուար 25-ին, Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնին մէջ կայացաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ՝ նուիրուած պոլսահայ գրող, «Մարմարա» թերթի երկարամեայ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի ծննդեան 100-ամեակին։ Ձեռնարկը իրականացաւ […]

Հայ Դատը Բացայայտեց Ցեղասպանութեան Ուրացման Եւ Էփսթինի Գայթակղութեան Միջեւ Կապերը

Դեռատի պարմանուհիներ մեծահարուստներու սեռային շահագործումի առարկայ դարձնելու եւ մանկապղծութեան մեղադրանքով դատապարտուած ամերիկացի հրեայ գործարար Ճեֆրի Էփսթինի վերաբերեալ փաստաթուղթերը պրպտած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը բացայայտած է կապեր Էփսթինի եւ երեք պետական […]

Վանսի Այցելութիւնը Հայաստան` Երկիր Դրախտավայր․ «Հայրենիք»

Խմբագրական «Այս երկիրը շատ գեղեցիկ է: Շնորհակալ եմ ջերմ ընդունելութեան համար` ոչ միայն անձամբ զիս, այլ նաեւ` ընտանիքս: Հայաստանը, ի հարկէ, աշխարհի ամենահին քրիստոնէական մշակոյթներէն մէկն է, եւ ես խոր […]

Պիտի Պահպանենք Մեր Հազարամեակներու Ժառանգութիւնը․ Ամէն Ջանք Պիտի Գործադրենք Արցախ Վերադառնալու Համար․ Արցախի ԱԺ

Ամէն ջանք պիտի գործադրենք մեր ժողովուրդի Արցախ վերադառնալու եւ ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքները լիարժէքօրէն իրացնելու համար: Այս մասին նշուած է Արցախի ԱԺ-ի տարածած յայտարարութեան մէջ: «Սիրելի’ հայրենակիցներ 38 տարի առաջ Ստեփանակերտում […]

Հակառակ Դժուարութիւններուն՝ Եկեղեցին եւ Հոգեւոր Դասը Պիտի Շարունակեն Ազգապահպան Առաքելութիւնը․ Վեհափառը Ընդունեց ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը

Փետրուար 20-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց տարբեր երկիրներէ ժամանած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավար կազմի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ […]

95 Տարիներու Անխափան Երթ Մը․ Հաղորդագրութիւն

Այս տարի Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-տպարանը կը նշէ իր 95-ամեակը: Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութենէն երեք տարի ետք` 1931-ին, Նիկոլ Աղբալեանի ջանքերով հիմը կը դրուէր Համազգայինի հրատարակչական գործին: […]

Բագրատ Սրբազանի Կալանքի Ժամկէտը Երկարաձգուեցաւ

Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի կալանքի ժամկէտը եւս երկու ամիս երկարաձգուեցաւ։ Մեղադրող կողմը դատարանէն պահանջած էր երկարաձգել կալանքը՝ նշելով, թէ ութ ամիսէ ի վեր կալանքի տակ գտնուող Բագրատ Սրբազանի կալանքի հիմքերը չեն […]