“Ազնաւուրի Մահը Համամարդկային Կորուստ է”․ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի Բարձրաստիճան Ղեկավարներ Կը Ցաւակցին Շառլ Ազնաւուրի Մահուան Առիթով

Հոկտեմբեր 1ին 94 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ մեծանուն ֆրանսահայ երգիչ Շառլ Ազնաւուր: Այս առիթով Հայաստանի եւ Ֆրանսայի բարձրաստիճան այրեր ցաւակցութիւններ կը յղեն։ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Շառլ Ազնաւուրի մահուան առիթով յղած ուղերձին մէջ […]

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման Գործակալութիւնը Կը Խոստանայ Աջակցիլ Արցախի Ականազերծման

Ամերիկայի Հակ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցած քննարկումի մը ընթացքին, պատասխանելով քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի հարցումին, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու համակարգողի օգնական […]

ՀՀ Վարչապետը Շառլ Ազնաւուրի Հրապարակին Վրայ Մասնակցեցաւ Մեծ Շանսոնիէի Յիշատակի Մոմավառութեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Երեւանի Շառլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ, Հոկտեմբեր 1-ի երեկոյեան մասնակցեցաւ մեծ շանսոնիէի յիշատակի մոմավառութեան արարողութեան: Նիկոլ Փաշինեան խոնարհեցաւ Ազնաւուրի յիշատակին համար հրապարակին վրայ դրուած ծաղիկներուն առջեւ, ապա […]

Շառլ Ազնաւուրի Յուղարկաւորութեան Օրը Հայաստանի Մէջ կը Յայտարարուի Սուգի Օր

Շառլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան օրը Հայաստանի մէջ կը յայտարարուի սուգի օր: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Շառլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան օրը Հայաստանի մէջ կը յայտարարուի սուգի օր»,- գրած է ՀՀ վարչապետը։  

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Ցաւակցութիւնը կը Յայտնէ Շառլ Ազնաւուրի Ընտանիքին

Քիչ առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր նամակ մը յղեց Շառլ Ազնաւուրի ընտանիքին՝ յայտնելով իր խորազգաց ցաւակցութիւնը այս տխուր առիթով։ Ցաւակցագիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց այն […]

Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Նորանշանակ Գործադիր Տնօրէնը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նորանշանակ գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Պետրոս Թերզեանը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու […]

Արցախի Մէջ Զինուոր Մը Նահատակուած է

Հոկտեմբեր 1-ին` ժամը մօտ 10:50-ին, Պաշտպանութեան բանակի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, ծանր հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1997-ի ծնունդ Գէորգ Սուրէնի Եարոյեանը: Վիրաւորում ստացած […]

Ազնաւուրը Միշտ Եղած է Մեր Պայքարի Կողքին` Թէ Արցախի, Թէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ Կապուած. Մուրատ Փափազեան

Աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի մահը մեծ կորուստ է հայ ազգին համար: Այս մասին «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան: «Շառլ […]

Հրապարակուած են Երեւանի Աւագանիի Արտահերթ Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքները

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը արտահերթ նիստի ընթացքին ամփոփեց Երեւանի աւագանիի 2018 թուականի Սեպտեմբեր 23-ի արտահերթ ընտրութիւններու քուէարկութեան արդիւնքները եւ ստորագրեց համապատասխան արձանգրութիւնը: ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը,  քուէարկութեան վերջնական արդիւնքները հետեւեալ տեսքը ունին․ Բոլոր 475 տեղամասերուն մէջ կատարուած […]