Վատիկանի Մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ներկայացուցիչ Նշանակուած է Տ․Խաժակ Արք․ Պարսամեանը

Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբան Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան նշանակուած է Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ […]

2019-ին Թալիշի մէջ Պիտի Աւարտին Բոլոր Շինարարական Աշխատանքները

2019 թուականին Թալիշի մէջ պիտի աւարտին բոլոր ենթակառուցուածքներու շինարարական աշխատանքները: Ըստ «Արցախփրես»-ի՝  այս մասին Նոյեմբեր 26-ին ըսած է ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան:  Անոր խօսքով` երկու փուլով կ՛աւարտին բնակելի տուներու […]

Ի՞նչ Կ՛որոնէր Ճան Պոլթըն Հայաստանի Մէջ

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ Տանըլտ Թրամփի անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթընի այցելութիւնը Հայաստան, Հոկտեմբեր 2018ին, շատ մեծ աղմուկ բարձրացուց թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ, Պոլթընի ըրած յայտարարութիւններուն պատճառով: Պոլթընի առաքելութիւնը այդ […]

Բակօ Սահակեան Մոսկուայի Մէջ Հայ Գործարարներու եւ Բարերարներու Հետ Հանդիպած է

Նոյեմբեր 24-26 Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Մոսկուայի մէջ հանդիպումներ ունեցած է ուսաստանաբնակ խումբ մը հայ գործարարներու եւ բարերարներու հետ: Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքէջին, քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցական Նամակ Յղեց Իրանի Հանրապետութեան Նախագահին

26 Նոյեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իմանալէ ետք Իրանի Գերմանշահ նահանգին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին մասին, որուն զոհ գացին հարիւրաւոր քաղաքացիներ, ցաւակցական նամակ մը յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին: […]

Հայաստան Տնտեսական Մրցակցութեան Ոլորտին Մէջ 9 Կէտով Բարելաւած Է Իր Դիրքը

Համաշխարհային տնտեսական բեմահարթակի 2018-ի զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստան տնտեսական մրցակցութեան ոլորտին մէջ 9 կէտով բարելաւած է իր դիրքը՝ աշխարհի 140 երկիրներու շարքին գրաւելով 19-րդ հորիզոնականը: 2017-ին, Հայաստան կը գրաւէր 28-րդ հորիզոնականը: […]

Սասուն Միքայէլեանը Կա՛մ Չէ Հասկցած` Ինչ Կ՛ըսէ, Կա՛մ Ալ Կը Փորձէ Նսեմացնել Արցախեան Հերոսամարտը. Գեղամ Մանուկեան

Նոյեմբեր 26-ին ՀՅԴ-ն իր քարոզարշաւը սկսաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին քովէն: Դաշնակցութեան համամասնական եւ վարկանշային ցուցակով թեկնածու առաջադրուած Գեղամ Մանուկեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ քարոզարշաւը կը […]

Բարսեղ Կանաչեանի, Նիկոլ Աղբալեանի Եւ Լեւոն Շանթի Վերանորոգուած Շիրիմներու Օրհնութիւն Եւ Հոգեհանգիստ՝ Անոնց Յիշատակին

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, Կիրակի, 18 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան […]

Քիմ Քարտաշեան Եւ Շեր Հայաստան Այցելելու Փափաք Կը Յայտնեն

Քիմ Քարտաշեան եւ յայտնի երգչուհի Շեր  միասին Հայաստան այցելելու փափաք յայտնեցին Քարտաշեանի պատկերասփիւռի յայտագիրէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը։ Քարտաշեան իր ընկերուհիներուն հետ գացած էր Լաս Վեկաս՝ Շերի համերգին: Ելոյթէն […]