Եղբ. Պետրոս Միքայէլեան Յունական Ս­կաու­տա­կան ­Ֆե­տե­րա­սիո­նի Ընդհանուր Ժողովի Անդամ Ընտրուած է. Հաղորդագրութիւն

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը ու­րա­խու­թեամբ կ­՚ու­զէ տե­ղե­կաց­նել ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քին, թէ պատ­մու­թեան մէջ երկրորդ ան­գամ ըլ­լա­լով ­հայ մը անդամ ընտրուեցաւ Յու­նա­կան Ս­կաու­տա­կան ­Ֆե­տե­րա­սիո­նի ընդհանուր ժողովին: Ընտրուած է՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յու­նաս­տա­նի խմբա­պե­տա­կան […]

Արեան Գնով Մեր Շահածը Չի Մսխուիր Դիւանագիտական Սեղաններու Շուրջ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Նախագահ

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովը Արցախի մէջ իրականացնելը աջակցութեան եւս մէկ ձեւ է հայկական երկրորդ հանրապետութեան եւ վերահաստատելու, որ արեան գնով պատերազմի դաշտին վրայ մեր շահածը չի մսխուիր դիւանագիտական սեղաններու շուրջ։ […]

Հայաստանի Մէջ Կ՝ակնկալեն Յառաջիկայ Հինգ Տարին Ներդրումները ՀՆԱ-ի Նկատմամբ 23-24 Տոկոսի Հասցնել

Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան յառաջիկայ հինգ տարիներու ծրագիրին ծիրէն ներս՝ ամէն ինչ պիտի կատարուի, որ ներդրումները ՀՆԱ-ի նկատմամբ հասնին 23-24 տոկոսի: Այս մասին, կառավարութեան տան մէջ, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած […]

Աշխարհի Տարբեր Երկիրներու Մէջ Պիտի Յիշատակեն Հրանդ Տինքի Սպանութեան 12-րդ Տարելիցը

Ինչպէս նախորդ տա­րինե­րուն այս տա­րի դար­ձեալ երկրի զա­նազան վայ­րե­րուն եւ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ իր մա­հուան 12-րդ տա­րելի­ցին առ­թիւ կը յի­շատա­կուի «Ակօս»-ի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տինք։ աւան­դութեան հա­մաձայն գլխա­ւոր ձեռնարկը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Ակօս»-ի խմբագ­րա­տան մուտքին Յու­նո­ւար 19-ին, ժա­մը 15.00-ին, ուր սպաննուած էր Հրանդ։ Իսկ ձեռնարկներու շար­քը մին­չեւ թեր­թի տպագ­րութեան նա­խոր­դող ժա­մերուն տո­ւեալով պիտի սկսի Տուր-Տէ հարթակի  Յու­նո­ւար 17ին, Ճե­զայի­րի շէն­քին մէջ կազ­մա­կեր­պած ասու­լի­սով։ «12-րդ տա­րին է եւ դեռ ար­դա­րու­թիւն […]

Ժողովին Որդեգրած Քաղաքական Գիծը Պիտի Ըլլայ Պարտաւորեցնող Եւ Ուղենշող. Դաւիթ Իշխանեան

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովի բացման ժամանակ  իր խօսքին մէջ ըսած է. «Ժողովը կը կայանայ երկու յատկանշական զուգակցութեամբ: Նախ ՀՅԴ հերթական Ընդհանուր Ժողովը կը գումարուի […]

Ալեքսանդր Լափշին Ժամանած է Երեւան

Արցախ այցելելու համար Ատրպէյճանի մէջ դատապարտուած, սակայն աւելի ուշ ազատութիւն ստացած ռուս-իսրայէլցի էջատէր Ալեքսանդր Լափշին ֆէյսպուքեան իր պաշտօնական էջին մէջ յայտնած է Հայաստան ժամանելու մասին: Ան նշած է, որ երկու ամիս Հայաստան […]

ԱՄԷ Պետնախարարը Նունէ Սարգսեանը Հրաւիրած է Տուպայի Գիրքի Փառատօնին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ պաշտօնական այցով Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններ գտնուող տիկին Նունէ Սարգսեան Ապու Տապիի մէջ հանդիպած է ԱՄԷ պետնախարար Ռիմ ալ Հաշիմի հետ: ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան […]

Այդպէս Ալ Չհասկցան, Որ Կայ ու Կը Մնայ Դաշնակցութիւնը. Հրանդ Մարգարեան

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանիխօսքը` ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման, յունուար 16-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ:  Արդէն սովորոյթի ուժ է ստացել իւրաքանչիւր Ընդհանուր ժողովի առիթով ասելը, որ այն բացառիկ ազգային-քաղաքական իրավիճակում է տեղի ունենում: Այսուհանդերձ, ընդունենք, որ նախորդ ժողովին յաջորդած տարիներիցիւրաքանչիւրը իսկապէս բացառիկ կարեւոր ու […]