Էրեբունի Թանգարանը Նոր Շէնք ու Ժամանակակից Լուծումներ Պիտի Ունենայ

Էրեբունի պատմա-հնագիտական թանգարանը նոր, ժամանակակից արհեստագիտութիւններով յագեցած մասնաշէնք պիտի ունենայ: Դեկտեմբեր 16-ին Երեւանի աւագանին հաւանութիւն տուաւ 2019-ի Հոկտեմբեր 3-ին Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի եւ «Ջոն եւ Սօս Պալեան հիմնադրամ»-ի միջեւ […]

Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս Հայկական Եկեղեցին Կը Վերանորոգուի

Մէկ ամիս առաջ սկիզբ առած են Տիարպեքիրի կեդրոնական Սուր շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները: Այս անգամ վերանորոգումը կը կատարուի Թուրքիայի շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութեան կողմէ: […]

Դաշնակցութեան Օրը

«Գանձասար»-ի խմբագրական Դաշնակցութեան օրուան յիշատակումը տօնական հանդիսութիւններու սահմաններէն դուրս հանելով, հայկական մեր կեանքին դաշնակցականի հայեացքով նայելու, դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան հիմնական տարրերուն գործնականացման հսկելու եւ երիտասարդ տարրը մեր ազգային արժէքներուն հաղորդակից պահելու […]

ASİMED-ը 7 Լեզուով Հակահայկական Քարոզչութիւն Կ՝իրականացնէ

Թուրքիոյ մէջ հակահայկական քարոզչութիւն իրականացնող ու Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումով զբաղող կազմակերպութիւններու համացանցային աղբիւրներու ցանկը աւելցած է: Վկայակոչելով İHA-ը՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ թրքական ASİMED («Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն») […]

Մենք Կը Պաշտպանենք Արցախցիներու Ազատ Ընտրութեան Իրաւունքը. Արարատ Միրզոյեան

2020-ին Արցախի մէջ կայանալիք համապետական ընտրութիւնները պէտք է ըլլան ազատ, թափանցիկ եւ մրցակցային, ինչպէս յարիր է բոլոր ժողովրդավարական հասարակութիւններուն: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, լրագրողներու հետ այսօրուան ճեպազրոյցին  ընթացքին ըսած է […]

Ամանորի Գիշերը Երեւանի Մէջ Պիտի Բացուի Առաջին Մոլորակացոյցը

2020 թուականի Յունուար 1-ին՝ ժամը 00:00-ին, Երեւանի Անգլիական այգիին մէջ պիտի բացուի Հայաստանի մէջ առաջին մոլորակացոյցը (planetarium): Անիկա պիտի ցուցադրէ ֆիլմեր տիեզերքի ծագման, աստղերու եւ մոլորակներու ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ տիեզերագնացութեան […]