Կլենտէյլի Մէջ Վահան Զանոյեանի Նոր Հատորը Պիտի Ներկայացուի

Հինգշաբթի, 20 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7։30-էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ հեղինակ Վահան Զանոյեանի անգլերէն նոր հատորին՝ Waking Noah՛s Vines («Նոյի Որթատունկերուն Զարթնեցում») ներկայացումը։ Հեղինակը պիտի ներկայացնէ «Արփա» […]

Սուրիոյ Օդային Պաշտպանութեան Համակարգը Վար Առաւ Դամասկոսի Ուղղութեամբ Արձակուած Հրթիռները

Չորեքշաբթի, 5 Փետրուարի կէս գիշերին, սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգը վար առաւ Դամասկոս ուղղուած մէկէ աւելի հրթիռներ։ Զինուորական աղբիւրներ յայտնեցին, որ հրթիռարձակումը տեղի ունեցած է Իսրայէլի բռնագրաւած Կոլանի տարածքէն։  

Սուրիոյ Սարաքէպի Մարտերուն Ընթացքին Հայ Զինուոր Մը Նահատակուած է

Չորեքշաբթի, 5 Փետրուարին, Սարաքէպի գիւղերուն մէջ սուրիական բանակին մղած մարտներուն ընթացքին նահատակուած է 1988-ի ծնունդ հայ զինուոր Ժան Գաթանճեանը։ «Գանձասար»-ի տեղեկութիւններով՝ նահատակ զինուորին յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հալէպի հայ կաթողիկէ […]

Փարիզի Մէջ Հայկական Բանակի Օրը Նշուեցաւ

Հայկական բանակի հիմնադրութեան 28-ամեակին առթիւ, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը յատուկ երեկոյթ մը կազմակերպած էր 30 Յունուարին. «Սերքլ Նասիոնալ տեզ Արմէնի» պատուոյ սրահին մէջ: «Նոր Յառաջ»-ի տեղեկութիւններով՝ հանդիսաւոր ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ […]

105-ամեայ Իտալահայը Կը Փափաքի Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալ

Իտալիոյ քաղաքացի 105-ամեայ Նուրհան Պօղոսի Եուսուփովիչ փափաք յայտնած է դառնալ Հայաստանի քաղաքացի: Այս մասին, ըստ Lragir.am-ի, յայտնած է Հայաստանի ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ Մնացական Բիչախչեան: Նուրհանը ծնած է […]

Հայ Գիտնականի Աշխատութիւնը Ընդգրկուած է Պելճիքայի Համալսարանի Ուսումնական Ծրագիրին Մէջ

Հայ քիմիագէտ Ռոպերթ Պախչաճեանի «Պայմոտըլ օքսիտէյշըն՝ տարասեռ եւ համասեռ հակազդեցութիւններու զուգորդումը» անգլերէն լեզուով ծաւալուն մենագրութիւնը Պելճիքայի Կենթի համալսարանի քիմիական ճարտարագիտութեան փրոֆէսըր Ժ. Դիպոյի առաջարկով իբրեւ դասագիրք ներառուած է ուսումնական ծրագրերուն մէջ՝ ուսանողներուն յանձնարարուող գրականութեան […]