ՀՀ Նախագահը Հանդիպած է ՀՅԴ Բիւրոյի Նորընտիր Անդամներուն Հետ
ՀՀ նախագահի գրասենեակէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է ՀՅԴ Բիւրոյի նոր կազմը եւ յաջողութիւններ մաղթած անոնց:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները նախագահին պատմած են օրերս Արցախի մէջ աւարտած Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովին, կուսակցութեան առաջնահերթ խնդիրներուն եւ ընելիքներուն մասին: