Արցախի Հարցով Պէտք է Վատագոյնին Նախապատրաստուիլ. ԱՄՆ Հայ Դատի Գրասենեակ
Արցախի հարցով պէտք է հաշուի առնել պատմութեան դասերն ու աշխարհագրական դիրքը եւ նախապատրաստուիլ վատագոյնին: Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան, Դիմատետրի իր էջին միջոցով անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդները «խաղաղութեան նախապատրաստելու» անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւններուն:
Ըստ գրութեան, խօսակցութիւնները «բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելու մասին» սին են, եթէ չկայ համապատասխան թափանցիկութիւն, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ հանրութեան իրապէս հիմնաւորուած որոշումներ կայացնելու:
Ըստ Համբարեանի, առանց թափանցիկութեան այդպիսի կոչերը «դուն կրնաս ինշի վստահիլ», «բայց պարտադիր չէ ամէն ինչ գիտնաս» արտայայտութիւններու միջակայքին են:
Յստակ պատկերացում կազմելու համար, ըստ է ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէնին, հարկաւոր է ստանալ հետեւեալ հարցերուն պատասխանները.
բանակցութիւններուն հիմքը մատրիտեա՞ն սկզբունքներն են,
որո՞նք են քննարկուող համաձայնագիրին շրջանակները,
ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ Արցախի դերը,
Ալիեւը հրաժարա՞ծ է իր «երբեք Արցախ» դիրքորոշումէն,
ո՞ր դրոյթներն են առաջնային եւ որո՞նք` երկրորդական,
ո՞րն է յետաձգուող յանձնառութիւններու իրականացման երաշխիքը,
ի՞նչ երաշիքներ պիտի առաջարկուին նոր յարձակումը կանխելու համար,
որո՞նք են իրական ակնկալիքները խաղաղապահներէն:
Անոր տեղեկութիւններով, նաեւ հարց կ՝առաջանայ, թէ հաստատման պարագային ինչպէ՞ս կեանքի պիտի կոչուի համաձայնագիրը կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ:
«Օրինակ, եթէ Արցախը տարածք յանձնէ, հարց կ՝առաջանայ, թէ պիտի կատարէ՞ արդեօք Ատրպէյճանը Արցախի ապագայ կարգավիճակին վերաբերեալ իր յանձնառութիւնները: Թէ Պաքուն այդ զիջումը իբրեւ տկարութիւն պիտի ընկալէ ու տարածքային նոր նկրտումներ ներկայացնէ, մինչեւ որ Արցախը ամբողջութեամբ, հայերով կամ առանց հայերու, չյայտնուի Պաքուի վերահսկողութեան տակ»,- նշուած է արձանագրութեան մէջ:
Ըստ Համբարեանի՝ պէտք է լաւագոյնի յոյսը փայփայել, բայց Արցախի հարցով պէտք է հաշուի առնել պատմութեան դասերն ու աշխարհագրական դիրքը եւ նախապատրաստուիլ վատագոյնին:
«Անխոհեմ մտածողութեան ժամանակը չէ»,- գրած է Համբարեանը:
