Քրիստոնէական Միութեան Աղօթքի Շաբթուան Փակում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Սփիւռք

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը կը նուիրուի քրիստոնէական միութեան` «Աղօթքի շաբաթ քրիստոնէական միութեան» անունին տակ: Այս շաբթուան ընթացքին, ընդհանրապէս առօրեայ դրութեամբ, աշխարհի բոլոր կողմերը եւ զանազան եկեղեցիներու մէջ յատուկ եկեղեցական արարողութիւններ տեղի կ՛ունենան` աղօթքներու, մաղթանքներու, շարականներու ու քարոզներու ճամբով լուսարձակի տակ բերելով եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը:

Լիբանանի մէջ եւս ներկայ շաբթուան ընթացքին տարբեր եկեղեցիներու մէջ տեղի կ՛ունենան եկեղեցական արարողութիւններ: Այս ծիրին մէջ, Աղօթքի շաբթուան փակումը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ քրիստոնեայ համայնքներու պետերու:

Փակման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 27 Յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին:

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն` իրենց ներկայութեամբ մասնակից դառնալու եկեղեցիներու միութեան նուիրուած արարողութեան: