
Ի Դէմս Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներու` Տեսած եմ Հայութեան Համար եւ Յանուն Հայրենիքի Պայքարող Հայու Տեսակը. Արայիկ Յարութիւնեան
«Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարծ գրութեամբ, ողջունած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովը Արցախի մէջ իրականացնելու փաստը:
«Երէկ մասնակցած եմ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի մօտ կազմակերպուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի մասնակիցներու պաշտօնական ընդունելութեան, ուր առիթ ունեցած են կրկին հանդիպելու եւ շարք մը հարցերու շուրջ մտքեր փոխանակելու Սփիւռքէն ու Մայր Հայաստանէն ժամանած, իմ կողմէ մեծ յարգանք ունեցող դաշնակցական Ընկերներուս հետ:
Նախ կ՝ողջունեմ Դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովը Արցախի մէջ իրականացնելու փաստը: Կուսակցութեան ունեցած մօտ 130 տարիներու գործունէութիւնը խիստ շաղկապուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ: Ֆիտայական շարժման, Առաջին Հանրապետութեան հռչակման, Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան եւ Հայ Դատի խնդիրներու, ի վերջոյ Արցախեան գոյամարտին եւ հայկական անկախ պետականութիւններու շէնացման գործերուն մէջ մեծ ներդրում ունեցող Կուսակցութիւն: Բայց այս ամէնով հանդերձ՝ ես առաւելապէս կ՝ուզէի ընդգծել իմ վարչապետութեան 10 տարիներուն ընթացքին՝ Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներ կատարած այցերուս ժամանակ՝ տեսածս ու զգացածս: Ամէնուր՝ Աւստրիալիոյ մէջ, Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Ամերիկեան ցամաքամասի երկիրներուն մէջ, ի դէմս Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներու` տեսած եմ հայութեան համար եւ յանուն հայրենիքի պայքարող հայու տեսակը:
Համոզուած եմ` Դաշնակցութեան հետ միասին Հայ Դատի վերջնայաղթանակի, ազատ, անկախ ու հզօր Հայաստանի եւ Արցախի կերտման ճանապարհին դեռ մեծ ընելիքներ ունինք»: