
Ստեփանակերտը Կ՛ողջունէ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումները՝ Բանակցային Գործընթացի Շարունակման Առումով
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան բարձր մակարդակի հանդիպումները, պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումով՝ կարելի կը դարձնեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի շարունակականութիւնը պահպանելը:
Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան` անդրադառնալով Յունուար 22-ին Տաւոսի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման՝ յայտնած է. «Այսպիսի որեւէ հանդիպում Արցախը միշտ ողջունած է այն առումով, որ այդ հանդիպումները թոյլ կու տան պահպանել բանակցային գործընթացի շարունակականութիւնը եւ կը նպաստեն տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման: Մենք չենք պատկերացներ, որ կարելի է որեւէ հակաարցախեան որոշում տրուի»: Թէեւ հանդիպման բովանդակութեան մանրամասները յայտնի չեն, սակայն արցախցիք վստահ են, որ այդ հանդիպումներուն հակահայկական որոշումներ անկարելի է որ տրուին: