Գանատացի Նախարարներ Ծանօթացան Սուրիահայ Շուշի Պագարեանի Պատմութեան

Աշխարհ, Սփիւռք

Սուրիահայ այլ հայրենակիցներու նման՝ երիտասարդ գիւտարար Շուշի Պագարեան նոյնպէս պատերազմի ոդիսականի բովէն անցած է:

Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք՝ Մոնթրէալ հաստատուած Շուշին հիմնած է սաւառնագիտութեան Stratos Aviation ընկերութիւնը եւ նոյն ժամանակ գիւտարարն է օդանաւերու մէջ ուժանիւթ արտադրող Ventus սարքին:

Յունուար 16-ին, Գանատայի զբօսաշրջութեան նախարար Մելանի Ժոլի եւ ներգաղթի նախարար Ահմետ Հուսէյն Մոնթրէալի մէջ հանդիպեցան Գանատա ներգաղթած սուրիացի երիտասարդներու հետ եւ ծանօթացան անոնց պատմութեան ու գանատական փորձառութեան: Անոնք իրազեկ դարձան նաեւ Շուշիի փորձառութեան մասին եւ շնորհաւորեցին գիտութեան մէջ արձանագրած անոր յաջողութիւնները:

Անջրպետային երկրաչափութիւն ուսանող Շուշին կը յաճախէ «Քոնքորտիա» համալսարանը: Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական խմբապետուհի է եւ գործօն անդամ՝ Մոնթրէալի հայ համայնքին մէջ: