Հայաստան Կը Ձգտի Աշխուժացնել Փոխգործակցութիւնը Ափրիկեան Ֆրանսախօս Երկիրներու Պետութիւններուն Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին, Յունուար 22-ին, իր հաւատարմագրերը յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Պենինի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նուգբոյ Գլեման Գիգին (նստավայրը՝ ք. Մոսկուա):

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է նորանշանակ դեսպանը, մաղթած արդիւնաւէտ գործունէութիւն եւ համոզմունք յայտնած, որ՝ իբրեւ փորձառու դիւանագէտ, ան իր մասնագիտական կարողութիւններն ու գիտելիքները պիտի ծառայեցնէ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման:

Նշելով, որ Հայաստան կը ձգտի աշխուացնել փոխգործակցութիւնը ափրիկեան պետութիւններու՝ մասնաւորապէս ցամաքամասի ֆրանսախօս երկիրներու հետ, հանրապետութեան նախագահը կարեւոր համարած է վեր հանել այն ուղղութիւններն ու ոլորտները, ուր առկայ են գործակցութեան իրական նախադրեալներ ու փոխադարձ հետաքրքրութիւն: