Ալեքսանդր Լափշին Կը Փափաքի Իր Էջով Պատմել Ատրպէյճանի Կողմէ Գնդակոծուող Հայկական Գիւղերուն Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Ատրպէյճանի մէջ բանտարկութեան մէջ եղած էջատէր Ալեքսանդր Լափշին կը փափաքի իր էջով պատմել Ատրպէյճանի կողմէ գնդակոծուող հայկական գիւղերուն մասին: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Լափշին ըսած է Յունուար 22-ին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին:

«Դիմած եմ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւն եւ խնդրած, որ ինծի արտօնուի այցելել սահմանային գօտի, որպէսզի էջիս մէջ կարենամ պատմել Ատրպէյճանի կողմէ գնդակոծուող գիւղերուն մէջ ապրող մարդոց կեանքին մասին: Ատիկա Նոյեմբերեանի շրջանն է եւ քանի մը այլ շրջաններ»,- ըսած է Լափշին:

4-րդ անգամ Հայաստան այցելով էջատէրը այս անգամ եկած է բացառապէս ճանաչողական այցով:

«Կը փափաքիմ ինքնաշարժ վարձել, շրջիլ երկրով մէջ, տեսնել այն, ինչ դեռ չեմ տեսած: Ես հարցում ուղարկած եմ, կ՝ուզեմ տեսնել Սիւնիքը, ուր դեռ չեմ եղած»,- նշած է ան: