Թուրքիոյ Տնտեսութիւնը 2019-ին 1.7% Աճ Պիտի Արձանագրէ. ՄԱԿ

Աշխարհ

«Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան» (ՄԱԿ) կողմէ պատրաստուած «Աշխարհի մէջ տնտեսական վիճակը եւ սպասելիքները 2019-ին» զեկոյցին մէջ անդրադարձ եղած է Թուրքիոյ տնտեսութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Amerikaninsesi-ին։

Ըստ զեկոյցի կանխատեսումներուն՝ 2019-ին Թուրքիոյ տնտեսութիւնը պիտի աճի 1.7%-ով: 2018-ին Թուրքիոյ տնտեսութեան աճը կազմած էր 3.5%:

ՄԱԿ գլխաւոր տնտեսագէտ Էլիոթ Հարիսի խօսքով` հակառակ համաշխարհային տնտեսութեան ողջ վտանգին, կ՝ենթադրուի, որ 2019-ին համաշխարհային տնտեսութիւնը նախորդ տարուան պէս 3%-ով աճ ունանայ:

Ըստ զեկոյցին` տարածաշրջանային լարուած իրավիճակը պիտի շարունակէ բացասաբար ազդել Յորդանանի, Լիբանանի եւ Թուրքիոյ տնտեսութիւններուն վրայ:

Կ՝ակնկալուի, որ Թուրքիոյ կեդրոնական դրամատունը տարադրամէ փոխարժէքի աճը եւ գնաճը մեղմելու համար պիտի շարունակէ վարել դրամավարկային խիստ քաղաքականութիւն:

Զեկոյցին մէջ անդրադարձ եղած է 2018-ի թրքական ազգային արժոյթին` թրքական լիրայի արժէզրկման, գնաճին եւ տնտեսութեան ընդհանուր վիճակին:

«Թուրքիոյ մէջ արտադրութեան ոլորտը 2018-ին ճկուն գործեց, իսկ անշարժ գոյքի շուկան դիրքերը զիջեցաւ: Թրքական լիրայի արժէզրկումը բացասբար ազդեց նաեւ եւրոպական ելեւմտական շուկային վրայ»: