Լիզպոնի Հերոսներուն 35-ամեակի Նշում Արժանթինի Մէջ
Շաբաթ, 28 Յուլիս Պուէնոս Այրեսի «Արմէնիա» Մշակութային ընկերակցութեան «Է. Սէֆէրեան» ակումբին մէջ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը՝ 27 Յուլիս 1983-ին կատարուած Լիզպոնի գործողութեան 35-ամեակին առթիւ։
ՀՅԴ Արժանթինի Երիտասարդական Միութեան պատգամը փոխանցեց Շրջանային վար-չութեան անդամ Կարօ Սէֆէրեան, որ իր խօսքերուն մէջ ըսաւ. «35 տարիներ անցած են 27 Յուլիս 1983-էն, երբ 5 դաշնակցական երիտասարդներ՝ անդամ Հայ Յեղափոխական ջոկատին, մտադրեցին յառաջ տանիլ եւ զարթնեցնել «մոռցուած» Հայ Դատը եւ բարձրացնել հայ ժողովուրդի արդարութեան պահանջատիրութեան ձայնը՝ հասցնելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը նոր հանգրուաններու, իրենց անձնազոհութեան շնորհիւ: Այս
գործողութիւնը նախադէպը, շարժառիթը հանդիսացաւ Արցախի ազատագրութեան Ազգային Շարժման, որ կազմուեցաւ հինգ տարիներ ետք եւ հայոց պատմութեան մէջ շրջադարձային հանգրուան մը եղաւ: Նաեւ վերածնաւ «Ազատութիւն կամ մահ» նշանաբանը: Սեդրակ Աճէմեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Սիմոն Եահնիեանի եւ Արա Քըրճլեանի տիպարները օրինակ դարձան հայ երիտասարդներուն, որոնք կամաւոր մարտիկներ դարձան եւ պայքարեցան յանուն Արցախի ազատագրութեան»:
Պատգամին աւարտին հրաւիրուեցան երէց ընկերներ, որոնք այս առիթիւ պատշաճ յուշատախտակի բացումը կատարեցին: Թէեւ նախապէս յուշատախտակ մը նուիրուած էր Լիզպոնի Հինգին, սակայն այս մէկը նուիրուած է 35ամեակին: Բացումը կատարուեցաւ ակումբի երկրորդ յարկը, ուր ՀՅԴի յարակից կազմակերպութիւնները կ՛ունենան իրենց ժողովներն ու աշխատանքները։
