Հայկական Մականուններու Մասին Դասախօսութիւն Նիւ Եորքի Մէջ

Սփիւռք

Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ «Բաշալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրագէտ ու խմբագիր Ս. Գ. Կարապետի (C. K. Garabed) պատկերազարդ դասախօսութիւնը հայկական մականուններու ստուգաբանութեան մասին: Ձեռնարկը հովանաւորուած էր Մայր եկեղեցւոյ եւ Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

«Այս եզակի ձեռնարկին հովանաւորութիւնը պատիւ մըն է մեզի համար», ըսաւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, որ ներկայացուց Կարապետի կենսագրութիւնը: Ան նկարագրեց, թէ ինչպէս վերջինս ձեռնարկած էր հայկական մականուններ հաւաքելու եւ ուսումնասիրելու աշխատանքին, նախապէս իբրեւ քովնտի զբաղում, ապա՝ այլ հայերը օգնելու համար իրենց անուններու վերծանելու գործին մէջ:

Դասախօսը քննարկեց հայկական մականուններու ծագումը եւ առաւել քան 40 տարուան հետազօտական աշխատանքը, որ կ՛ենթադրէ անուններու ակունքներու հետազօտութիւնը եւ շատ անսովոր անուններու վերծանումը: Տեսողական օրինակներով, Կարապետ շարք մը հայկական անուններու սահմանումը տուաւ, յատկապէս օգտագործելով հանրութեան յայտնի անուններ, ինչպէս խմբագիր Արամ Արքուն, գրագէտ Էտի Առնաւուտեան, օփերայի երգչուհի Լիլի Չուգասըզեան, համբաւաւոր Քիմ Քարտաշեան, գրագէտ Տէյվիտ Խտրեան, օդանաւորդուհի Խաթուն Սեպիլճեան (Սապիհա Կէօքչեն), հայրենասէր Տաճատ Թէրլէմէզեան եւ ակադեմական Խաչիկ Թէօլէօլեան:

Դասախօսութիւնը կը նշէր Կարապետի անգլերէն «Հայկական Մականուններու Բառարան»ի առցանց հրատարակութիւնը եւ «Արմինիըն Ուիքլի»ի մէջ լոյս տեսնող «Քեռի Կարապետի Նոթատետրը» շաբաթական սիւնակին 30ամեակը: Բառարանէն օգտուելու համար, այցելեցէ՛ք

www.armeniapedia.org/wiki/Dictionary_of_Armenian_Surnames_

(In_Process) հասցէն:

Շահեկան հարց ու պատասխանէ մը ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը: